«Մերձաւոր Արեւելքի Հիմնադրամ»-ի Նախագահ Չարլի Պենճամին Այցելեց «Ազդակ»
«Մերձաւոր Արեւելքի հիմնադրամ»-ի (Նիր Իսթ ֆաունտէյշըն) նախագահ Չարլի Պենճամին երէկ` չորեքշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ:
Պենճամինի կ՛ընկերակցէին «Մերձաւոր Արեւելքի հիմնադրամ»-ի անձնակազմէն Անիս Թարապէյ եւ Ռապիհ Եազպեք:
Տնօրէնութեան հետ հանդիպումէն ետք այցելութիւնը առիթ մը եղաւ նաեւ խմբագրութեան հետ զրուցելու հիմնադրամին գործունէութեան եւ ծրագիրներուն մասին:
«Մերձաւոր Արեւելքի հիմնադրամ»-ը սերտօրէն կ՛առնչուի 1915-ին Հայոց ցեղասպանութեան որբերու եւ սովահարներու խնամատարութեան աշխատանքներուն, երբ 1915-ի արհաւիրքի օրերուն «Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց» ընկերութիւնը Միջին Արեւելք ուղարկեց իր անդամներէն շատեր` հոգ տանելու Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած սովահար որբերուն եւ անկար հայորդիներուն: 1915-ին Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուածներուն հոգատարութեան աշխատանքները դուռ բացին մարդկային հոգատարութեան ու բարգաւաճման համաշխարհային հիմնարկի ստեղծման, «Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց» անունով, որ 2015-ին պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը:
«Այս ընկերութեան անունը փոխեցինք եւ կոչեցինք «Մերձաւոր Արեւելքի հիմնադրամ»: Անիկա ոչ կառավարական կազմակերպութիւն մըն է, որ կը ջանայ նպաստել կարիքաւոր անհատներու` տնտեսական եւ ընկերային առումով: Մեր կազմակերպութիւնը 1915-1930 տարիներուն ընթացքին հոգ տարած է 132 հազար հայ որբերու: Այսօր նոյն աշխատանքը կը շարունակենք քառասուն երկիրներու մէջ, ներառեալ` Հայաստան», ըսաւ Չարլի Պենճամին` յոյս յայտնելով, որ մօտերս գործունէութիւնը վերսկսի եւ ծաւալի նաեւ Յորդանանի եւ Լիբանանի մէջ, ուր վերջին տարիներուն աշխատանքը ընդհատուած էր: «Մենք թիրախ ունինք լուսանցքայնացուած, անտեսուած կարիքաւորները` անոնց համար ստեղծելով ինքնակերտումի նոր առիթներ, կարենալ յաղթահարելու համար իրենց դիմագրաւած մարտահրաւէրները», նշեց Պենճամին:
Ան երէկ առաւօտ այցելած է նաեւ Անթիլիասի մայրավանք եւ Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»: Ան բարձր գնահատեց այդ կեդրոնները` յայտնելով, որ խիստ տպաւորուած է իր տեսածներէն: «Մեծ պատիւ էր ինծի համար հանդիպիլ «Թռչնոց բոյն»-ի անձնակազմին, ուր 1920-էն ի վեր տիրող հոգատարութեան աւանդը կը շարունակուի: Մեր գործունէութեան թիրախ ընտրեցինք Պուրճ Համուտը` իր պատմական կարեւորութեան եւ ընկերային-տնտեսական զօրակցութեան կարիքին համար: Մեծ պատիւ է ինծի համար գործակցիլ եւ մաս կազմել այդ պատմական աւանդին ու յիշել, թէ 1915-ի Ցեղասպանութեան ողբերգութիւնը զօրաշարժի մատնեց ամբողջ Միացեալ Նահանգները, եւ ես այսօր շատ բան սորվեցայ», ընդգծեց ան: Ան նաեւ ըսաւ, որ «1915-էն 1930-ի ընթացքին նպաստամատոյցի աշխատանքներուն ծիրին մէջ, օրին 170 միլիոն ամերիկեան տոլար (մեր օրերու արժէքով` մէկուկէս միլիառ տոլար) հայթայթեցինք տագնապահարներու հոգատարութեան համար»:
Իր կարգին, Անիս Թարապէյ յայտնեց, որ «Մերձաւոր Արեւելքի հիմնադրամը կարիքաւորներուն կը նպաստէ նախնական անհրաժեշտ գործիքներով` զօրակցելով անոնց հիմնելու իրենց հաստատութիւնները եւ նոր առիթներ ստեղծելու իրենց համար:
Նմանապէս, Ռապիհ Եազպեք յայտնեց, որ պատուիրակութիւնը մօտերս պիտի այցելէ նաեւ Պեքաայի շրջան, ուր մեծ թիւով կարիքաւորներ կան:

