Երեւանի Մեր Ընթերցողներուն
Համացանցային վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, որ բաւական նկատառելի թափով «Ազդակ»-ի կայքին Հայաստանէն այցելուներուն թիւը աճ կ՛արձանագրէ: Ասոր առընթեր, «Ազդակ» կը շարունակէ շաբաթական հերթականութեամբ թիւեր ուղարկել Երեւան: «Ազդակ»-ի այն ընթերցողները, որոնք կ՛ուզեն նաեւ ծանօթանալ տպագիր տարբերակին, կրնան այցելել «Ուրբաթ» մամուլի ակումբ (Տէրեան,3 ):
«Ազդակ»-ի շաբաթական առաքումը կ՛իրականացնէ «Սարդարապատ» ճամբորդական գրասենեակը:
CATEGORIES Գաղութային

