Արտաքին Յարաբերութիւններու Խորհրդարանական Յանձնախումբը Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Վերաբերող Հարցեր
Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ նախագահութեամբ երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյնի եւ ներկայութեամբ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ երեսփոխաններ Ֆարիտ Խազենի, Անթուան Սաատի, Խտըր Հապիպի, Սելիմ Սալհապի, Ալի Պեզզիի, Նաուաֆ Մուսաուիի, Մոհամետ Քապպանիի, Էլի Մարունիի, Քասեմ Հաշեմի եւ Ալի Ամմարի, քննարկեց Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նիստէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ այս թղթածրարը կը սպառնայ Լիբանանի գոյութեան: Ան շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի անդունդն ի վար գլորուելու սեմին` մաղթելով, որ կառավարութիւնը այս թղթածրարին հարցով յանդուգն եւ լուրջ որոշումներ տայ:
Պասիլ ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է յստակ կերպով նուազեցնէ Լիբանան հաստատուած սուրիացի տեղահանուածներուն թիւը:

