Խորհրդարանի Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելու Պըրրիի Պայմանները

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին շրջագիծին մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ եթէ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուի, այդ օրէնքին հիմնաւորումին մէջ պէտք է նշուի, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու պարագային անմիջապէս երեսփոխանական ընտրութիւններ տեղի կ՛ունենան:
Անդրադառնալով զինուորականներուն ամսական աշխատավարձի յաւելումներուն` Պըրրի յայտնեց, որ այդ յաւելումները կատարելու առումով ներդրումներ ապահովելու խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են:
Երկրին ապահովական կացութեան մասին Պըրրի յայտնեց, որ ապահովական կացութիւնը ամրապնդելու համար անհրաժեշտ է լիբանանեան բանակը զինել եւ անոր թուաքանակը բարձրացնել: Ան աւելցուց, որ այս իմաստով իրանեան զինուորական օժանդակութիւնը օգտակար կրնայ ըլլալ:

