Կիպրոսէն Պէյրութ Ուղղուող Օդանաւ Մը Անհետացած Է
Երէկ երեկոյեան հաղորդուեցաւ, որ «Սեսնա» տիպի կիպրական փորձի օդանաւ մը, որուն մէջ կային կիպրացի քաղաքացի մը եւ լիբանանցի օդաչու Ժորժ Օպաժի, Կիպրոսի օդակայանէն կ՛ուղղուէր Պէյրութ:
Օդանաւը լիբանանեան հողեր մուտք չգործած անհետացաւ ռատարին վրայէն եւ անոր հետ կապը կտրուեցաւ:
Պէյրութի միջազգային օդակայանը ուղղակի կապ պահեց Կիպրոսի հետ, ինչպէս նաեւ փորձեց կապուիլ նաեւ խնդրոյ առարկայ օդանաւին հետ, սակայն անպատասխան մնաց:
Աւելի ուշ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտարարեց, որ օդանաւին բեկորները նշմարուած են լիբանանեան ծովեզերքէն 100 քմ հեռաւորութեան վրայ` ծովուն մէջտեղը:
CATEGORIES Լիբանանեան

