Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Վերսկսան Մագլցողական Քայլեր Որդեգրելու

Առեւանգուած բանակայիններուն հարազատները կը փակեն ճամբան

Առեւանգուած բանակայիններուն հարազատները կը փակեն ճամբան

Առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները, որոնք սպառնացած էին կառավարութեան վերսկսելու իրենց մագլցողական քայլերուն, երէկ լծուեցան աշխատանքի եւ փակեցին Սայֆիի ճամբան` դարձեալ սպառնալով ամբողջ Պէյրութի երթեւեկը սառեցնել:

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ այցելեց ընտանիքներուն` շեշտելով, որ անոնք խուլիկաններ չեն, այլ` կը փափաքին իրենց ձայնը եւ բողոքը բարձրացնել, որովհետեւ մենք զիրենք տեղեակ չէինք պահած իրենց զաւակներուն եւ հարազատներուն ազատ արձակումին նպատակով կատարուած բանակցութիւններուն արդիւնքներէն:

Ապու Ֆաուր` հաստատեց, որ կառավարութիւնը լրջօրէն կ՛աշխատի այս գծով, սակայն անոր մտավախութիւնը այն է, որ տեղեկութիւններ սպրդին եւ արգելակեն բանակցութիւնները:

«Բանակցութիւններուն յաջողութիւնը կը կայանայ անոնց գաղտնապահութեան մէջ», ըսաւ Ապու Ֆաուր` աւելցնելով, որ ինք առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն յայտնած է, թէ բանակայիններուն ազատ արձակումը մէկ կամ երկու օրուան խնդիր չէ եւ խնդրած է անոնցմէ վերադառնալու Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ իրենց նստացոյցին վայրը:

Նշենք, որ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները փակեցին նաեւ Քալամունի մայրուղին:

 

Share this Article
CATEGORIES