Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Այսօր Երեւան Կը Հասնի

Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայըր

Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայըր

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով պաշտօնական այցելութեամբ այսօր Երեւան կը հասնի Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը հանդիպում պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Այսօր տեղի կ՛ունենան Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի  բանակցութիւնները, որոնց կը հետեւի մամլոյ միացեալ ասուլիս: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը այսօր նաեւ պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդ, ուր յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Share this Article
CATEGORIES