Նալբանդեան Ընդունեց Հայաստանի Մէջ Առաքելութիւնը Աւարտող Ֆրանսայի Դեսպանը
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հանրի Ռենոն` անոր դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին առիթով:
Նալբանդեան շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Ռենոյին արդիւնաւէտ եւ աշխուժ աշխատանքին համար` նշելով, որ անոր պաշտօնավարութեան տարիներուն հայ – ֆրանսական յարաբերութիւնները խորացած են, բոլոր մարզերուն մէջ համագործակցութիւնը աւելի ամրապնդուած է:
Դեսպան Ռենօ իր կարգին ըսաւ. « Հպարտ եմ, որ կրցած եմ ներդրում ունենալ հայ – ֆրանսական բարեկամական կապերու զարգացման մէջ, եւ շնորհակալ եմ պաշտօնավարութեանս ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ցուցաբերած աջակցութեան համար»:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին հայ – ֆրանսական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ուղղուած միացեալ քայլերուն շուրջ:
Հայ – ֆրանսական յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ ներդրման համար Նալբանդեան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մետալ յանձնեց Ֆրանսայի դեսպանին:
Հայաստանի մէջ իր քառամեայ դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտող Ֆրանսայի դեսպան Հանրի Ռենօ, երէկ տուած հրաժեշտի ասուլիսին ընթացքին խօսելով փարիզեան եռակողմ (Հոլլանտ – Սարգսեան – Ալիեւ) հանդիպումին մասին ըսաւ.
«Հոկտեմբեր ամսուան աւարտին Փարիզի մէջ նախատեսուած Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ֆրանսայի նախագահներու հանդիպումը առիթ կ՛ընձեռէ «բովանդակային նոր զարգացումներ» ունենալու ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործին մէջ: Մայիսին Ազրպէյճան պաշտօնական, իսկ Հայաստան` պետական այցելութեան ընթացքին Ֆրանսայի նախագահը առաջարկեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն տեսակցիլ Փարիզի մէջ: Նպատակն է, բնականաբար, նոր լիցք հաղորդել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին: Առաջարկը ընդունուեցաւ երկու երկիրներու նախագահներուն կողմէ, եւ մօտ օրէն Փարիզի մէջ տեղի կ՛ունենայ Սարգսեան – Ալիեւ – Հոլլանտ վեհաժողովը: Առանց հրապարակելու դիւանագիտական մանրամասնութիւններ` միայն նշեմ, որ նպատակը բովանդակային իմաստով նոր լիցք հաղորդելն է բանակցային հոլովոյթին: Երկրորդ` կարեւոր է, որ յաջողի երկու կողմերուն միջեւ ստեղծել վստահութեան մթնոլորտ, որ կրնայ իրավիճակը փոխել սահմանագիծին կամ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ», ըսաւ դեսպանը:
Ան աւելցուց. «Փարիզեան վեհաժողովը նաեւ կը վերահաստատէ շատ կարեւոր հանգամանք մը` բանակցուած տարբերակէն բացի ղարաբաղեան տագնապը այլ լուծում չունի եւ անոր հիմքին մէջ պիտի ըլլան մատրիտեան երեք կարեւոր սկզբունքները` տարածքային ամբողջականութիւն, ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունք եւ ուժի կիրարկման կամ կիրարկման սպառնալիքի բացառում»:

