Դաշնակցութիւնը Իր Որոշումները Չի Փոխեր
Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու մասին համաձայնագիրը, համաձայն «Միջազգային համաձայնագիրներու մասին օրէնքին», առնուազն 1.5 ամսուան ընթացքին պէտք է ուղարկուի Ազգային ժողով` վաւերացման: 3 սեպտեմբեր 2013-էն ետք խորհրդարանին մէջ ներկայացուած խորհրդարանական ուժերը բազմաթիւ դիրքորոշումներ յայտնած են Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու վերաբերեալ. Tert.am-ը, յառաջիկայ արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրին ընդառաջ, անգամ մը եւս ճշգրտեց Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն դիրքորոշումն ու քուէարկութեան կերպը:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան Եւրասիական տնտեսական միութեան համաձայնագիրին իրենց կողմ դիրքորոշումը արտայայտեց «բարով գայ» բառակապակցութեամբ: «Դաշնակցութիւնը միշտ իր որոշումները, որոնք հայեցակարգային նշանակութիւն ունին, չի փոխեր եւ այսպէս դիւրութեամբ չի վերանայիր, ի տարբերութիւն ոմանց, եւ կարգ մը քաղաքական ուժերու: Այս է թերեւս պատճառը, որ քաղաքական լայն շրջանակներու մէջ ջղաձգումներ կը յառաջացնէ», ըսաւ Ռուստամեան:
Ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղի հետ մաքսակէտին, ապա ՀՅԴ-ն այս հարցով կը ջղաձգուէր, եթէ վստահ ըլլար, որ նման բան պիտի ըլլայ: «Այդ փաստաթուղթը կու գայ, դուք ալ կը տեսնէք, որ նման բան անոր մէջ չկայ», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:

