Ազրպէյճանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցչութեան Ղեկավարը Կը Նշէ. Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահներու` Փարիզի Մէջ Տեղի Ունենալիք Հանդիպումը Կարեւոր Է

malena-mart_2014040933Ազրպէյճանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան ղեկավար Մալենա Մարդ լրագրողներուն յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն` Փարիզի մէջ նախատեսուած հանդիպումը դրական քայլ է:

«Այդպիսի բարձր մակարդակով հանդիպումներ կատարելը շատ կարեւոր է: Մենք կ՛ակնկալենք, որ այսպիսի նախաձեռնութիւնները նպաստեն գործող սթաթիւս քոյի փոփոխութեան», ըսած է Մարդ:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ նախապէս Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները հրաւիրած էր Փարիզ` հանդիպում ունենալու համար:

Share this Article
CATEGORIES