Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Համաձայնագիրը Վաւերացնելու Համար Խորհրդարանի Արտակարգ Նիստ

1022_Parliament_Special-SessionԵւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան համաձայնագիրին վաւերացման համար խորհրդարանական  արտակարգ նիստ պիտի գումարուի 17-18 նոյեմբերին:  Այդ մասին NEWS.am-ի թղթակիցին յայտարարեց Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեան: Ըստ անոր, համաձայնագիրը խորհրդարանին պիտի ներկայացուի Սահմանադրական դատարանին կողմէ, որ այժմ կը ստուգէ երկրի հիմնական օրէնքին փաստաթուղթերու ծրարի  համապատասխանութիւնը: «Սահմանադրական դատարանը գործնական կ՛աշխատի, որովհետեւ  համաձայնագիրը պէտք է ժամանակին վաւերացուի: Բացի ատկէ, մինչեւ դեկտեմբեր ամսուան աւարտ  շարք մը օրէնքներու մէջ անհրաժեշտ է ուղղումներ կատարել»,  նշեց Պաղտասարեան:

Share this Article
CATEGORIES