Լիբանանցի Ֆութպոլի Իրաւարար Ռըտուան Ղանտուր Լքեց Միջազգային Ասպարէզը
Լիբանանցի ֆութպոլի իրաւարար Ռըտուան Ղանտուր պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը լքէ միջազգային ասպարէզը:
38 տարեկան Ղանտուր, որ միջազգային ասպարէզ մուտք գործեց 2004-ին, հակառակ անոր որ ցարդ եօթը տարի եւս (առաւելագոյն տարիքը` 45) կրնայ միջազգային մրցումներ սուլել, որոշեց հեռանալ ասիական եւ միջազգային ասպարէզէն` առիթ տալով այլ նոր իրաւարարներու, որ մուտք գործեն այդ մարզին մէջ:
Նշենք, որ Ղանտուր Լիբանանի մէջ կը նկատուի լաւագոյն իրաւարարներէն մէկը, մանաւանդ որ ան իր կարողութիւնը փաստեց, երբ յաջորդաբար երեք տարի ընտրուեցաւ Լիբանանի տարուան լաւագոյն իրաւարարը:
CATEGORIES Մարզական

