«Շախմատային Հայաստան» Շաբաթաթերթը Կը Մասնակցի «Աշխարհի Հայ Մամուլը» Ցուցահանդէսը` Մինչեւ 31 Հոկտեմբեր

1022_St-PetersbourgՀայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն` Armchess.am-էն կը տեղեկանանք, որ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ բացուեցաւ «Աշխարհի հայ մամուլը» ցուցահանդէսը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 31 հոկտեմբեր:

Հայկական առաջին լրագիրին` Ազդարարի եւ հանրայայտ այլ պարբերաթերթերուն կողքին, հոն ներկայացուած է նաեւ «Շախմատային Հայաստան» շաբաթաթերթը:

Նշենք, որ այս ցուցահանդէսը կազմակերպած է «Փեթերսպուրկի հայեր» կազմակերպութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES