Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2014-2015 Տարեշրջանը Կը Սկսի Ուրբաթ, 21 Նոյեմբերին
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած շաբաթական ժողովին տուաւ կարգ մը որոշումներ:
Առաջինը եղաւ այն, որ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանի ազդանշանը պիտի տրուի ուրբաթ, 21 նոյեմբերին:
Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ նամակ մը ստացած է Ամշիթ ակումբէն, որ չ՛ուզեր իր մասնակցութիւնը բերել տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան:
Ֆետերասիոնը շնորհաւորեց Րաֆֆի Մումջողլեանը` անոր ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ նշանակուելուն առիթով:
Յայտարարուեցաւ, որ ֆետերասիոնը նամակ մը ստացած է Ռիատի Պէյրութէն, որ կ՛ուզէ մասնակցիլ 25 նոյեմբերէն 3 դեկտեմբեր տեղի ունենալիք Ապու Տապիի միջազգային մրցաշարքին, ինչպէս նաեւ 20-30 յունուար 2015-ին Տուպայի միջազգային մրցաշարքին:
Նշուեցաւ, որ Աքատեմիաթ Ռիատիէ ակումբը միացաւ ֆետերասիոնին` իբրեւ անոր անդամը:
Շնորհաւորանքի յատուկ խօսք մը ուղղուեցաւ Հուսամէտտին Հարիրիի տղոց պասքեթպոլի մրցաշարքը լաւ ձեւով կազմակերպած յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Ռիատի Պէյրութին, որ տիրացաւ տիտղոսին:
Ֆետերասիոնը շնորհաւորեց նաեւ Ռիատի Պէյրութը, որ տիրացաւ արաբական պասքեթպոլի աղջկանց տիտղոսին:
Յայտարարուեցաւ, որ մօտիկ ապագային պիտի սկսի մարզիչներու յատուկ դասընթացք մը:
Վերջապէս նշուեցաւ, որ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշջանը կը սկսի 30 նոյեմբերին, իսկ տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութիւնը` 7 դեկտեմբերին:

