Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Բնակարանային փոփոխութեան մը մասին կը մտածէք: Պէտք է դիմէք նման գործերով զբաղող հաստատութեան մը, որպէսզի դիւրանայ ձեր աշխատանքը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Օրինազանցութեամբ ամբաստանուած բարեկամ մը ձեզմէ օգնութիւն պիտի խնդրէ` պաշտօնական մարմինի մը մօտ բարեխօսելու: Ձեր կարելին ըրէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դրամական տեսակէտէ բախտաւորութիւն մը պիտի ունենաք: Դրական իմաստ մը ունի այս հարցը, որ կը վերաբերի ձեր յամառ աշխատանքին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Գրաւոր աշխատանք մը պիտի պահանջուի ձեզմէ, որ կը վերաբերի ձեր ասպարէզին: Ձեր ծառայութիւնները պիտի արժեւորուին ձեր աշխատանքին վերաբերեալ հատուցում մը ընելու հարցով: Անհոգ եղէք, պիտի գնահատուիք արժանապէս:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ ունիք աշխատակիցներ, որոնց հսկողութիւնը ձեզի յանձնուած է, անոնց հանդէպ ձեր վերաբերումը ըլլայ մարդասիրական տրամադրութեամբ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր յառաջդիմութիւնը կրնայ ոմանց նախանձը արթնցնել: Ճանչցէք ձեր բարեկամները եւ գործակիցները: Ամէն իրականութիւն մի՛ ըսէք անոնց:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կլիմայական փոփոխութիւններուն ուշադիր եղէք: Աշուն է, եւ արդէն` ձմեռնամուտ: Ըստ եղանակի պատրաստեցէք ձեր զգեստաւորումը` առանց նորաձեւութեան մանրամասնութիւններուն հետեւելու: Իմաստուն եղէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ունիք գնահատանքի նիւթական շահ մը: Ձեր յաջողութիւնները կը տեսնուին շուրջիններէն, հետեւաբար հեռու մնացէք ինքնագովութենէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մէկ ձեռքով ծափ չի զարնուիր, մնացէք խոնարհ, սպասեցէք, որ ուրիշներ գնահատեն եւ վարձատրեն ձեզ: Ինքնագովութենէ հեռու մնացէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Այս օրերուն առատաձեռն եղած էք, շատ ծախսած էք: Ուշադիր եղէք նիւթական ծախսերու պարագային: Հեռու կեցէք շահագործողներէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Վերջերս մոռցած ըլլալ կը թուիք ձեր բարեկամները կամ հարազատները: Համացանցը կամ հեռաձայնը ինչո՞ւ ստեղծուած են, հետաքրքրուեցէք անոնցմով, որքան ալ յաւելեալ զբաղումներ ունենաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Վաճառատուներու դիմաց մի մնաք երկար ժամեր: Ինչ բանի որ կարիք ունիք, այդքանով զբաղեցէք: Խնայասիրութիւնը դժուարին օրերու համար է:

