50 Տարի Առաջ (24 Հոկտեմբեր 1964)
Խմբագրական
Տաճար Լոյսի
(Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան
Քոլեճի Բացման Առիթով)
Պէյրութի Սուրէն Խանամիրեան քոլեճէն ետք, ահաւասիկ` լոյսի տաճար մը եւս, որուն բացումը պիտի կատարուի վաղը` կիրակի, 25 հոկտեմբերին:
Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան ազգային քոլեճին իրագործումը կարելի դարձաւ շնորհիւ իշխանական նուիրատուութեանը քալիֆորնիաբնակ ազնիւ բարերարուհի Սոֆիա Յակոբեանի եւ Հայ կրթական հիմնարկութեան, որոնց տրամադրած 75,000 տոլարով մանկավարժական բոլոր պայմանները լրացնող երկրորդական վարժարան մը կրցանք ունենալ Պուրճ Համուտի մէջ:
Տարիներու երազ մըն է, որ կ՛իրականանայ, կոչուած` նախախնամական դեր խաղալու հայահոծ այդ շրջանին մէջ, ուր տարիներէ ի վեր կը զգացուէր նման վարժարանի մը անհրաժեշտութիւնը` գոհացում տալու համար ուսման ծարաւ հայորդիներու հետզհետէ աճող թիւին:
Երբ կարելի եղաւ ապահովել ազգային քոլեճի մը շինութիւնը Պէյրութի մէջ, ազգային իշխանութեանց եւ մասնաւորաբար այդ օրուան առաջնորդ, այժմու կաթողիկոս Խորէն Ա. վեհափառի գլխաւոր մտասեւեռումը եղաւ համարժէք վարժարանի մը հաստատումը Պուրճ Համուտի մէջ:
Ի պատիւ հայ կրթական հիմնարկութեան եւ բարերարուհի Սոֆիա Յակոբեանի, անոնք իրենց կրթանուէր գործունէութեան հիմնական նպատակներէն մէկը նկատեցին այս ձեռնարկը` ըմբռնելով անոր բացառիկ կարեւորութիւնը:
Այժմ իրականութիւն է այդ երազը, եւ ամբողջ Պուրճ Համուտի հայութիւնը ցնծութեամբ կ՛ողջունէ իր քոլեճին բացումը, անոր շքեղ կառուցումէն վեր տեսնելով այն հոգեկան բովանդակութիւնը, որ իբրեւ հայեցի դաստիարակութիւն պիտի տրուի նորահաս սերունդներուն:
Երկու քոլեճներու բացումով, վստահ ենք, որ լիբանանահայ կրթական գործը կը դրուի ամուր հիմերու վրայ եւ նոր խրախոյս կը ստանան մեր կրթական պատասխանատու մարմինները` յաւելեալ թափով ու ճիգով իրականացնելու այն, ինչ որ ձգտումը եղած է բոլորին:
Այսինքն` հրապուրիչ դարձնել հայ դպրոցը, ոչ միայն իբրեւ շէնք ու կառոյց, այլ նաեւ` իբրեւ կրթական մակարդակ:
Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը ունի բոլոր հնարաւորութիւնները` ըլլալու կրթական այն յարկը, որուն ներքեւ պիտի կազմուի վաղուան հայը` առողջ հոգիով ու մաքուր նկարագրով, մանաւանդ շրջանի մը մէջ, ուր խաթարման եւ հոգեկան այլասերման վտանգները չեն պակսիր դժբախտաբար:
Այս քոլեճը, իբրեւ լոյսի տաճար, պիտի հանդիսանայ այն կեդրոնը, որ ուղեցոյց պիտի ծառայէ նոր սերունդին, ոչ միայն անոնց, որոնք պատեհութիւնը պիտի ունենան անոր քուրային մէջ թրծուելու, այլ նաեւ` այն հայորդիներուն, որոնք պատկառանքով պիտի մօտենան եւ բարոյական եւ ազգային խոր գիտակցութեան նուիրական վայր մը պիտի տեսնեն անոր մէջ:
Յաջողութիւն կը մաղթենք քոլեճի խնամակալ մարմինին, որ հոգեւին փարած է գործին` փրկարար դեր կատարելու խոր համոզումով:
Յաջողութիւն նաեւ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, որոնք նոր եռանդով ու թափով պիտի լծուին աշխատանքի` ի փառս հայ մշակոյթին:
Վստահ ենք, որ իրենց հաւատքին ու նուիրումին մէջ միշտ պիտի վայելեն աջակցութիւնը ազգային պատասխանատու մարմիններուն ու մանաւանդ հայ ժողովուրդին, որոնց քաջալերանքն ու օժանդակութիւնը պիտի չպակսին երբեք:
Այս վստահութեամբ կ՛ողջունենք Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին բացումը` յաջողութեան սրտագին մաղթանքներով:

