Գիտութիւն Եւ Մարդ. Եղափոխութիւն` Դէպի Ապագայ. Մշակոյթի Ցանցը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
«ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՊԱՏԱՀԻ, ՈՐ ՆՈՐ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐ ԱՅԼԵՒՍ ՉԵՆ ԾՆԻՐ: ԱՐԴԵՕՔ ՄԱՐԴԻԿ ԲԹԱՑԱ՞Ծ ԵՆ, ԹԷ՞ ԱՅԼ ԲԱՆ ՄԸ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ: ԵԹԷ ԱՅՈ, Ի՞ՆՉ»: ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՍՊԱՌԱԾ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ ԲՆՈՐՈՇ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄԸ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ՊԻԼ ՊԵՆԶԸՆ www.3quarksdaily.com ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ` ԶԱՐԳԱՑՆԵԼՈՎ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՎԻՃԱՐԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ:
«Մարդկութեան հետաքրքրութիւնները կրնան փոխուիլ, գիտութեան նկատմամբ ներկայ հետաքրքրութիւնները կրնան վերջ գտնել, ապագային մարդկային ուղեղը կրնայ կեդրոնանալ բոլորովին տարբեր բաներու վրայ»: Ասիկա մէկն է արհեստագիտութեան սրընթաց յառաջխաղացքին եւ մարդկային կենցաղին առնչուող փոփոխութիւններուն վրայ կեդրոնացած այն զրոյցներէն, որ այն տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, թէ մարդկութեան պատմութեան մէջ կայ հիմնական միայն մէկ բան, որմէ անդին մարդկային կեանքը չի կրնար շարունակուիլ»:
Սթանիսլաւ Ուլամ (յարգանքի տուրք մատուցելով Ճոն ֆոն Նիւմանի)
«Գիտական նախատեսութիւններու մէջ կայ վիճակ մը, որ այլաբանական ձեւով կը նմանի նետաձգութեան. որքան աւելի երկար լարես աղեղը, նոյնքան աւելի հեռու կրնաս արձակել նետը»:
Պաքմինսթըր Ֆուլըր «Քրիթիքըլ փաթ» գիրքէն
Ուրեմն այսպէս:
Վերջերս «Տը Կարտիըն» թերթը հրատարակեց երկար յօդուած մը, որուն մէջ Փանքաժ Միշրա կը վիճէր, թէ Արեւմուտքը այլեւս չի կրնար աշխարհին համար ծառայել իբրեւ օրինակ մը, որուն պէտք է կամ նոյնիսկ` կարելի է հետեւիլ, եթէ երբեք ծառայած է իբրեւ նման օրինակ մը:
Քանի մը շաբաթ առաջ բազմիմաց Տէյվիտ Պայրն կը յայտարարէր, թէ իր հետաքրքրութիւնը կորսնցուցած է ժամանակակից արուեստի նկատմամբ, որովհետեւ կը զգայ, թէ անիկա վերածուած է «միլիառատէրերու եւ անոնց դրամական ներդրումով ապրող թանգարաններուն աժան եւ անվնաս խաղալիքին». զգացում մը, զոր տարիներ շարունակ կը բաժնէր արուեստի քննադատ Ռոպըրթ Հիւկզ` իր մահէն առաջ:
Գիտական նիւթերու խմբագիր Ճոն Հորկան 1996-ին հրատարակեց «Տի էնտ աֆ սայընս» վերնագիրով իր գիրքը, որուն մէջ կը վիճէր, թէ գիտութեան բազմաթիւ մարզեր հասած են տեղ մը, ուր այլեւս մտաւորական մակարդակի վրայ որեւէ արդիւնք չեն տար: Մեծ հարցերը առաւել կամ նուազ չափով լուծուած են, եւ կը թուի, թէ յաւելեալ հետազօտութիւններ կը դառնան նոյն կէտին շուրջ` առանց յստակ յառաջդիմութիւն արձանագրելու:
Մակարդակներու Փոփոխութիւն
Ոչ միայն կը բաժնեմ վերոնշեալ գաղափարներէն իւրաքանչիւրը, այլ նաեւ կը կարծեմ, թէ բոլորն ալ կ՛արտացոլեն նոյն հիմնական պատճառը. ցամքած են ընկերային կազմակերպութեան, գեղարուեստական արտայայտութեան, գիտական բացատրութիւններու, երեւակայական պատմութիւններու, իրաւական օրէնքներու, տնտեսագիտութեան, կրթութեան, երաժշտութեան, սեռերու եւ ընտանիքի առնչուած մեզի ծանօթ գաղափարներուն աղբիւրները, իսկ նոր աղբիւրներ տակաւին չեն յայտնաբերուած:
Այս երեւոյթին ծանօթ եմ գրականագիտութեան մէջ, ուրկէ վկայուած եմ: Ֆրանսացիք 1966-ին էջք կատարեցին Պալթիմոր եւ խմորեցին երեք տասնամեակներու վրայ երկարող մտաւորական յայտնագործութիւններու ժամանակաշրջան մը: Անիկա վերջ գտաւ շուրջ 20 տարի առաջ, գրականագիտութեան դաշտը ձգելով անհանգիստ վիճակի մը մէջ, որ շատ աւելի ծանր է, քան` պիւտճէական կրճատումները եւ Արդի լեզուի ընկերակցութեան տարեկան համագումարին ներկայացուած զեկոյցներուն դէմ «Տը Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին մէջ լոյս տեսած անմիտ յօդուածներուն առթած ցասումը:
Ինչպէ՞ս կը պատահի, որ պարզապէս նոր գաղափարներ այլեւս չեն ծնիր: Արդեօք մարդիկ բթացա՞ծ են, թէ՞ այլ բան մը տեղի կ՛ունենայ: Եթէ այո, ի՞նչ:
Տէյվիտ Հայս եւ ես պատահածը կը կոչենք «մակարդակներու փոփոխութիւն», ինչ որ ընդհանրացումն է հազարամեակներ առաջ տեղի ունեցած անցումին` դէպի երկրագործական տնտեսութիւն, որ կը ղեկավարուէր պարսպապատ քաղաքներու մէջ բնակող գրաճանաչ վերնախաւի մը կողմէ, եւ` հարիւրաւոր տարիներ առաջ տեղի ունեցած արդի գիտութեան, առեւտուրի, դրամատիրութեան եւ ազգ-պետութեան յայտնութեամբ: Անշուշտ բարենիշներ չենք ստանար, երբ կը յայտարարենք, թէ դարձեալ կը կրկնուի նոյնը, որովհետեւ բոլորին համար յստակ է կատարուածը: Սակայն, ինչ որ իւրայատուկ է մեզի, շարք մը կարծիքներ են, որոնք ցոյց կու տան, թէ նման անցումներ ինչպէ՛ս հիմնուած են մտածելու գործընթացներու վրայ:
Կարգ մը գործընթացներ մարդկային կենսաբանութեան յատուկ ներհուն գործընթացներ են, որոնք եղափոխուած են միլիոնաւոր տարիներու վրայ: Այս գործընթացները ի վերջոյ առաջնորդած են լեզուի կազմութեան: Ժամանակակից վիճարկութիւններէն մէկն է, թէ արդեօք խօսակցական լեզուն կարելի՞ է կենսաբանական ներհուն գործընթաց մը նկատել: Սակայն ոչ ոք կը վիճի, թէ գրելը, գրահաշիւը, թուաբանութիւնը կամ համակարգիչի գործածութիւնը ներհուն գործընթացներ են: Անոնք վստահաբար կը պատկանին մշակոյթի մարզին եւ կ՛օգնեն մեզի` մտածողութեան աւելի հզօր գործընթացներ կցելու կենսաբանական հիմնական նոյն գործիքին:
Մարդկային Ուղեղը Եւ Անոր
Մշակութային Զարգացումը
Երբ անցեալ դարու կէսերուն հոգեբան Ժան Փիաժէի մարդկային կազմաւորումի տեսութիւնները ի վերջոյ ընդունուեցան ամերիկեան ակադեմական շրջանակներու կողմէ, մարդկային կազմաւորումի գլխաւոր հարցը դարձաւ հետեւեալը. արդեօք մանուկի մը եւ չափահասի մը մտածողութեան տարբերութիւնը պարզապէս արդիւնք է ամբարուած գիտելիքներո՞ւ, թէ՞ մտածողութեան հիմնական կառոյցներու: Անշուշտ Փիաժէ կը պաշտպանէր երկրորդ կարծիքը: Իր դիտանկիւնէն` մարդկային մտածողութիւնը բաղկացած էր «մակարդակներէ», ուր վերին մակարդակները կը բաղկանային եւ կախեալ էին վարին մակարդակներէն: 10 տարեկան մանուկները ոչ միայն աւելի բան գիտէին 5 տարեկան մանուկներէն, այլ նաեւ աւելի զարգացած տրամաբանութեամբ կը դիտէին աշխարհը: Որքան ալ գիտելիքներ ամբարէ 5 տարեկան մանուկ մը, ան չի կրնար մտածել 10 տարեկան մանուկի մը պէս, որովհետեւ զուրկ է բանականութեան անհրաժեշտ կառոյցներէն: Նոյնպէս ալ` 5 տարեկան մանուկ մը աւելի զարգացած ձեւով կը մտածէ, քան` 2 տարեկան մանուկ մը, 15 տարեկան պատանին` աւելի զարգացած ձեւով, քան` 10 տարեկան մանուկ մը:
Այս տեսութիւնը արդէն տարածուած է եւ ընդհանուր գիծերու մէջ վիճելի չէ, թէեւ Փիաժէի յատուկ մօտեցումները տարբեր ձեւերով պատշաճեցուած են: Սակայն, ինչ որ այնքան ալ ծանօթ չէ, այն է, թէ Փիաժէ ծինական կազմուածքի եւ գիտական փիլիսոփայութեան առնչուող իր գաղափարները տարածած է նաեւ դէպի գիտական եւ ուսողական գաղափարներու զարգացումը պատմութեան մէջ: Փիաժէի համաձայն, աւելի ուշ յայտնուած գաղափարներ կառուցուած են աւելի կանուխ յայտնուած գաղափարներու վրայ, վերացական մտածողութեան գործընթացով մը, ուր կանուխ յայտնուած գաղափարներ օգտագործուած են նորայայտ գաղափարներու համար: 1980-ական եւ 1990-ական տարիներուն մեր կատարած շարք մը ուսումնասիրութիւններուն մէջ Տէյվիտ Հայս եւ ես նմանօրինակ տեսութիւններ զարգացուցած ենք երկար ժամանակի վրայ գաղափարներու մշակութային եղափոխութեան վերաբերեալ:
Տեսութիւններ սահմանեցինք իմացական մակարդակներու վերաբերեալ. աւելի ուշ յայտնուած մակարդակներ վերացական մտածողութեամբ կը կառուցուէին աւելի կանուխ յայտնուած մակարդակներու վրայ: Իմացական մակարդակներու հիմնական գաղափարը յղացած էր Ուոլթըր Ուայորա` երաժշտութեան պատմութեան վերաբերող իր «Տը ֆոր էյճըզ աֆ միւզիք» գիրքին մէջ (հրատարակուած է 1965-ին): Ուոլթըր կը վիճէր, թէ երաժշտութեան պատմութիւնը պէտք էր բաժնել 4 շրջաններրու: Առաջին շրջանը կը կազմէր նախագրաճանաչ ընկերութիւններու երաժշտութիւնը, երկրորդ շրջանը` հնադարեան զարգացած քաղաքակրթութիւններու երաժշտութիւնը, երրորդը` արեւմտեան երաժշտութիւնը Վերածնունդի ժամանակաշրջանին եւ անկէ ետք, իսկ չորրորդը` 20-րդ դարու երաժշտութիւնը:
Գաղափարը պարզ է: Սակայն, ինչ որ ուշագրաւ էր մեզի համար, այն էր, թէ ինչպէ՛ս մշակութային եւ ընկերային բազմերես երեւոյթներ կարելի էր դասաւորել պատմական վերոնշեալ նոյն շերտերուն մէջ: Ընդունուած իրողութիւն է, թէ Արեւմուտքի մէջ մշակութային եւ ընկերային բոլոր երեւոյթները հիմնական փոփոխութեան ենթարկուած են Վերածնունդի շրջանին: Այդ ժամանակ ծնունդ առաւ արդի ազգ-պետութիւնը, տեղի ունեցաւ գիտական յեղաշրջումը, արուեստը որդեգրեց իրապաշտ պատկերումի նոր ձեւեր, մանուկներու, ամուսնութեան եւ ընտանիքի նկատմամբ կեցուածքները ենթարկուեցան մեծ փոփոխութեան, առեւտուրի նոր ձեւեր սկսան կիրարկուիլ, եւ այլն: Նոյնիսկ կը նկատենք, թէ ներկայ դարու սկիզբը գլխաւոր փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են խորհրդանշական գործունէութեան բոլոր բնագաւառներուն մէջ, ինչպէս` ուսողութիւն, գիտութիւններ եւ արուեստներ, մինչ ընկերային եւ քաղաքական մեր կառոյցներուն մեծ մասը կը շարունակէ գործել նախկին կառոյցներուն օրինակով:
Նախագրաճանաչ եւ գրաճանաչ ընկերութիւններու միջեւ անցումը քննելը դիւրին չէ, որովհետեւ նախագրաճանաչ ընկերութիւններու ծանօթ ենք միայն անոնց աճիւններուն եւ գործածած իրերուն ճամբով, իսկ հնադարեան զարգացած քաղաքակրթութիւններուն վերաբերող պատմական արձանագրութիւնները այնքան ալ բաւարար չեն: Փոխարէնը` հնադարեան մշակոյթներու բնոյթին մասին գաղափար մը կը կազմենք` մեկնելով նախագրաճանաչ ընկերութիւններու մարդաբանական արդի հետազօտութիւններէն, այնպէս ինչպէս կենսաբաններ այժմ անհետացած անասնատեսակներու մարդակազմութեան, կազմախօսութեան եւ վարուելակերպին մասին գաղափարներ կը կազմեն` հիմնուելով անոնց շարունակութիւնը կազմող տեսակներու վրայ: Երբ համապատասխան բաղդատութիւններ կը կատարենք` կը նկատենք լայն տարբերութիւններ` բոլոր բնագաւառներուն մէջ:
Նախագրաճանաչ ընկերութիւններուն մէջ ընկերային կարգը կ՛ընդգրկէր ընտանեկան յարաբերութիւններ կամ առաւելագոյնը` ընկերութիւնը գերդաստանական կապերով միացած կը զգար հնադարեան հասարակաց նախահայրերու հետ: Պետական վարչամեքենայի աղօտ գոյութեան կամ չգոյութեան` քաղաքացիական կարգ ու կանոնը կը պահպանուէր աւատապետներու կողմէ կամ` անոնց նկատմամբ վախի հոգեբանութեամբ: Գրաճանաչ ընկերութիւններու մէջ ընկերային կարգը կը պահպանուի կենցաղավարութեան, պայմանագրութեան, իրաւական ատեաններու միջոցով, իսկ քաղաքացիական կարգը` ոստիկանութեան եւ արդարադատ ատեաններու: Նախագրաճանաչ ընկերութիւններու մէջ 5-500 անձերէ (ընդհանրապէս` 200-էն պակաս) բաղկացած իւրաքանչիւր հաւաքականութիւն ինքնիշխան կ՛ապրէր մինչեւ շուրջ 6000 տարի առաջ, երբ աւատապետներ սկսան յայտնուիլ եւ գիւղեր սկսան հպատակիլ անոնց: Գրաճանաչ ընկերութիւններու մէջ գիւղերը աճելով կը վերածուին գիւղաւանի եւ քաղաքի, որոնք իրենց մերձակայ գիւղերը ներառելով կը ստեղծեն թագաւորութիւն: Նախագրաճանաչ ընկերութիւնները կախեալ են որսորդ- հաւաքողներու կարողութենէն, կ՛ապրին երկրագործական աւերիչ միջոցներով, խեցեգործութեամբ եւ քանի մը այլ արհեստներով, որոնք արդիւնք կու տան այն վայրերուն մէջ, ուր կը կիրարկուին: Գրաճանաչ ընկերութիւններու մէջ մտածելու դաստիարակութիւնը ստացած անձեր միայն կը մտածեն երկրագործութեան մասին եւ ուղեցոյցներ կը պատրաստեն երկրագործներու համար, ի վերջոյ նաեւ` արհեստաւորներու: Լորընս Քոհլպըրկ նաեւ ի յայտ բերած է ապացոյցներ, որոնք մտածել կու տան, թէ նախագրաճանաչ ընկերութիւններու մէջ բարոյական գաղափարները նուազ զարգացած են, քան` գրաճանաչ ընկերութիւններու մէջ:
Գրելու յայտնագործութեան կը յաջորդեն մովսիսական օրէնքը, Իսրայէլի մարգարէները եւ Աթէնքի մէջ` փերիկլէսեան ժամանակաշրջանը: Եբրայեցիներու եւ յոյներու ճարտարապետութիւնը, քաղաքական ժողովրդավար համակարգը եւ մանաւանդ` փիլիսոփայութիւնը (բնութեան եւ բարոյականութեան մասին) այնքան տարբեր էր անոնց նախորդներէն, որ հակուած ենք մտածելու, թէ մեր քաղաքակրթութիւնը սկիզբ առած է անոնց հետ: Իրօք, մշակութային բեկումը յաջորդած է Հռոմէական կայսրութեան քայքայումին եւ շարունակուած է մինչեւ Վերածնունդի ժամանակաշրջանին նախորդած «փոքր վերածնունդը», որ սկիզբ առած է Յ. Ք. 1000-ին եւ իր գագաթնակէտին հասած է իտալացի աստուածաբան Ագուինասի հետ` 13-րդ դարուն: Այս բեկումը անհրաժեշտ էր` Եւրոպան անգամ մը եւս բարձրացնելու համար դէպի գրաճանաչ մակարդակ: Մեր քաղաքակրթութեան մէջ մէկտեղուած են յունական, հռոմէական եւ եբրայական հնադարեան տարրերն ու իսլամական, հնդկական, չինական եւ գերմանական տարրերը:

Ընկերամշակութային Եզակի Առանցքներ
Հայս եւ ես կը հաւատանք, թէ այս ժամանակաշրջանները, այսինքն մշակութային եղափոխութեան այս մակարդակներուն վրայ կանոնաւոր ձեւով յայտնուած տարբերութիւնները հիմնուած են յղացքային գործընթացներու տարբերութեան վրայ: Մինչ մշակոյթներ կ՛եղափոխուին, անոնք կը սկսին տարբերել եւ կը դառնան աւելի բարդ ու զարգացած: Աւելի զարգացած ընկերութիւններու իմացական գործընթացները ծանօթ չեն նուազ զարգացած մշակոյթներուն: Երկար ժամանակի վրայ այս գործընթացը կանգ կ՛առնէ: Անիկա կ՛անցնի Ուլամի եւ ֆոն Նիւմանի նշած եզակի առանցքներէն: Ընկերամշակութային եզակի առանցքի մը յատուկ աւանդական մտածելակերպով ապրող մարդիկ չեն կրնար պատկերացնել նոր մտածելակերպով ապրող մարդոց աշխարհը:
Եզակի առանցքէ մը անդին մտածումի եւ գործի դաշտը առիթ կու տայ մշակոյթի եւ ընկերութեան մեծ վերադասաւորումի մը, որ արդիւնք է վերացական գաղափարները տարբեր ձեւերով օգտագործելու նոր կարողութեան մը: Մտածողը, արուեստագէտը, ընկերային դերակատարը, որ կը գտնուի եզակի առանցքներուն շուրջ, կը սկսի գործել իր նախորդներուն բնազանցական մակարդակներէն տարբեր մակարդակներու վրայ: Նոր գաղափարները եւ սովորութիւնները կարելի չէ դասաւորել նախկին մակարդակներուն վրայ, թէեւ կարելի է գտնել մօտաւոր նմանութիւններ: Իրօք, գիտութեան եւ արհեստագիտութեան մասին տեղեկագրող լրագրողներ նման մօտաւոր նմանութիւններով կը փորձեն նոր գաղափարները փոխանցել հանրութեան: Սակայն, այս մօտաւոր նմանութիւնները առիթ չեն տար նոր գաղափարները հզօր ուժգնութեամբ ի գործ դնելու:
Տարբեր տեսակի այս մտածողութիւնները կուտակուելու յատկանիշ մը ունին: Մտածողութեան պարզ տարբերակ մը չ՛անհետանար մշակոյթի մը մէջ, երբ նոր բարդ մտածողութիւն մը կը ներկայացուի: Մշակոյթ մը կը դասուի որոշ մակարդակի մը վրայ` համաձայն անոր պատկանող հաւաքականութեան որոշ մէկ համեմատութեան զարգացումի մակարդակին, որ բաւական հզօր է` ղեկավարելու համար ընդհանուր ընկերութիւնը: Երբ մշակոյթ մը կը դասուի երրորդ մակարդակի, այս չի նշանակեր, թէ անոր պատկանող չափահաս տարիքի բոլոր անձերը տէր են երրորդ մակարդակի մտածողութեան: Այլ` կը նշանակէ, թէ միայն ազդեցիկ խմբաւորում մը, ղեկավարներու վերնախաւ մը կը գործէ երրորդ մակարդակի իմացական մտածողութեամբ: Ընկերութեան մնացեալ խաւերը մեծ մասամբ կը դասուին առաջին եւ երկրորդ մակարդակի մտածողութեան արժեչափերով:
Իմացական իւրաքանչիւր գործընթաց կ՛առնչուի մտածողութեան նոր միջոցի մը եւ գործընթացի մը հետ, որ կարելի կը դարձնէ զայն եւ առիթ կու տայ, որ ապագային դառնայ սովորական` տուեալ մշակոյթի մը մէջ: Ասիկա յատկանշական կէտ մըն է: Մշակոյթի մը ներգործութիւնը կախեալ չէ միայն քանի մը շնորհալի անձերու իրագործումներէն, այլ` հաւաքականութեան մը գէթ փոքր, սակայն յատկանշական մէկ մասին հետեւողական իրագործումներ կատարելու ուժէն: Մտածողութեան միջոցը առիթ կու տայ ստեղծելու դաստիարակութեան համակարգ մը, որուն հիմամբ հաւաքականութեան մը մէկ մասը կը սորվի արդիւնաւէտ կերպով օգտագործել իմացական գործընթացը եւ սորվիլ` նոր ձեւերով:
Արիստոտել պատճառաբանուած մակարդակի մտածողութեամբ յաջողած էր գրել իր փիլիսոփայութիւնը: Զայն ներկայացուցած էր իբրեւ բնութեան վերլուծում մը, սակայն մենք զայն կ՛ընկալենք իբրեւ նախապէս գոյութիւն ունեցող մտածողութեան մը վերակառուցումը: Վերածնունդի ժամանակաշրջանին ոմանք տեսութիւններու եւ հաշուարկումի հիմամբ զարգացուցած են իմացական կառոյցներ: Նման կառոյցներու միջոցով արտադրուած է գիտական ամբողջ մտածողութիւնը` մինչեւ 19-րդ դարու վերջերը:
Հաւանաբար Տարուինի հետ սկսած է եւ մինչեւ Ֆրոյտ եւ Այնշթայն շարունակուած է իմացական նոր տեսակի գործընթաց մը: Մինչ նախապէս գիտութիւնը կը փնտռէր գիտական մէկ եւ ճշմարիտ բնութեան տեսութիւն մը, անդին` ժամանակակից գիտութիւնը նկատի կ՛առնէր տասնեակ մը այլընտրանքներ: Նոր ժամանակներու մտածողը կրնայ օգտագործել հին ժամանակներու մտածողի մը գործիքները: Այս բառերով կարելի է խտացնել իմացական իւրաքանչիւր մակարդակի արձանագրած յառաջդիմութիւնը` նախորդէն անդին:
Եզակի Առանցքը, Որուն Շուրջ Կը Լողանք
Այլ խօսքով, մտածողութեան նոր համակարգ մը ի յայտ չի գար կախարդական ցպիկով: Մարդիկ պէտք է մտածեն` զայն ստեղծելու համար: Որքա՞ն ժամանակի կարիք կայ մականցելու մտածողութեան այն համակարգը, որուն մէջ հասակ նետած է անձ մը. նոյնինքն այս ժամանակը կ՛որոշէ, թէ որքա՛ն արագ կրնան յայտնուիլ մտածողութեան նոր համակարգերը:
Եւ կը կարծեմ, թէ ճիշդ «այս ժամանակին» մէջ կը գտնուինք ներկայիս: Աշխարհի վրայ իւրաքանչիւր հաւաքականութիւն կ՛ենթարկուի հիմնական փոփոխութիւններու, սակայն այս փոփոխութիւններուն բնոյթը կախեալ է տուեալ հաւաքականութիւններուն նախորդ ժամանակի պատմութենէն: Մինչեւ 19-րդ դարու վերջերը իւրաքանչիւր հաւաքականութիւն ենթակայ էր եւրոպական կայսրութեան մը ուղղակի կամ անուղղակի տիրապետութեան կամ պարտաւոր էր դիմագրաւել Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու ուժը, ինչպէս` Ճափոնի պարագային:
Ճափոնը հետաքրքրական եւ յատկանշական օրինակ մըն է, որովհետեւ բնաւ չէ տիրապետուած արեւմտեան ուժի մը կողմէ: Իրօք, անցեալ դարու կէսերուն անիկա բաւական հզօր էր` մարտահրաւէր ուղղելու համար Արեւմուտքի. մարտահրաւէր մը, որ ի վերջոյ առաջնորդեց անոր պարտութեան` Բ. Աշխարհամարտին:
Սակայն, ինչպէ՞ս կը մտածենք ժամանակի ընթացքին Ճափոնի իրագործումներուն մասին: Արդեօք Ճափոն արեւմտականացա՞ծ է: Արդեօք ոչ եւրոպական աշխարհը արեւմտականացումի ընթա՞ցք կ՛ապրի:
Արդիականութեան գաղափարը կը բովանդակէ Լուսաւորութեան ժամանակաշրջանի հաւատքը յառաջդիմութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ իր նշանաբանները տիեզերեկանացնելու անոր ձգտումը: Սակայն տարբերութիւն մը կայ Եւրոպայի մէջ գաղափարներու պատմական ակունքները պեղելու եւ զանոնք հիմնականին մէջ եւրոպական նկատելու միջեւ: Անոնք «կը պատկանին» բոլորին, որեւէ հաւաքականութեան, որ կը տիրապետէ անոնց:
Կարգ մը ճափոնցիներ նախընտրած են մերժել արդիականութեան բոլոր թակարդները` արեւմտականացումը մերժելու անունով: Ուրիշներ նախընտրած են արդիականութեան որոշ երեւոյթներ միաձուլել ճափոնական աւանդութիւններու հետ, եւ դեռ ոմանք` մերժել ամբողջ ճափոնական աւանդութիւնը:
Քրիսթաֆըր Կոթօ-Ճոնզ իր «Մատըռն Ճըփան» գիրքին մէջ կը գրէ. «Ինքնութեան եւ ընկերութեան մէջ աւանդութեան դերին նկատմամբ այս տեսակի ընկերամշակութային անձկութիւնը արդի ժամանակներու դրոշմներէն մէկն է ոչ միայն Ճափոնի մէջ, այլ նաեւ` ամէն տեղ: Արդի ժամանակները յատկանշուած են ոչ միայն գիտութեան մէջ կատարուած յառաջխաղացքներով, այլ նաեւ` ընկերային անձկութեամբ եւ քաղաքական ըմբոստութիւններով»:
Եւ այսպէս, կը վերադառնանք Փանքաժ Միշրայի այն վիճարկութեան, թէ ինչ որ աշխարհի տարածքին կը պատահի այսօր, արեւմտականացում չէ:
Մշակոյթը միատարր բան մը չէ, որ կ՛արտաբերուի ազգ-պետութիւններու կողմէ: Անիկա գաղափարներու, արտայայտչամիջոցներու, ընկերային միջոցներու ամբողջութիւն մըն է: Ժամանակակից աշխարհին մէջ գաղափարները, արտայայտչամիջոցները եւ ընկերային միջոցները, որոնք կը գործեն տուեալ վայրի մը մէջ, կրնան ծնունդ առած ըլլալ աշխարհի տարածքին որեւէ վայրի մէջ: Վերացական մտածողութեան գործընթացները մարդկային ուղեղին ներհուն գործընթացներ են. անոնք կրնան գործել գաղափարներու, արտայայտչամիջոցներու եւ ընկերային միջոցներու որեւէ ապրող մարմնի մէջ:
Ժամանակակից արուեստի դատարկութիւնը եւ գիտութեան սպառած վիճակը մտածել կու տան, թէ գաղափարներու եւ միջոցներու «Արեւմուտքի» աղբիւրները սպառած են: Արդեօք ապագան կը պատկանի մշակութային այնպիսի ձեւերու, որոնք ի յայտ պիտի գան աշխարհի տարբե՞ր վայրերուն մէջ, այնպէս ինչպէս եւրոպացիք իրականութեան մէջ չին եւ հնդիկ ուսողագէտներէ քաղած էին իրենց գաղափարները` իրանցի գիտնական Խուարիզմիի միջոցով` եւրոպական Վերածնունդի կամ արդիականութեան նախօրեակին:

