«Գայեանէ» Պարարուեստի Դպրոցի Նոր Պարուսոյցներ Կարէն Եւ Ժաքլին Մակինեաններ Կը Հաւատան, Որ Պարը Շատ Կարեւոր Է Մանուկներու Կեանքին Մէջ

Maguinians_kayaneԿարէն եւ Ժաքլին Մակինեաններ Լիբանան կը գտնուին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Գայեանէ» պարարուեստի դպրոցի աշակերտներուն պարարուեստ ուսուցանելու նպատակով: Անոնք 2002 թուականէն ի վեր միասնաբար Հայաստանի մէջ կը ղեկավարեն «Հայասա» մանկական-պատանեկան պարային դպրոցը` 4-12 տարեկաններուն յատուկ:

Կարէն Մակինեան աւարտած է Պարարուեստի ուսումնարանի դասական բաժինը, իբրեւ մենապարող եւ փորձավար կ՛աշխատի «Բարեկամութիւն» պետական պարախումբին հետ: 2009-2011 թուականներուն դասաւանդած է Երեւանի ճազային արուեստի քոլեճին մէջ` իբրեւ պարուսոյց: 2012¬ին եղած է պարուսոյցը Համազգայինի Սուրիոյ «Սարդարապատ» պարախումբին:

Ժաքլին Մակինեան «Ալ. Սպենդիարեան»¬ի Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի  մենապարուհի է, «Մովսէս Խորենացի» մետալակիր եւ վաստակաւոր արուեստագէտ: Աւարտած է պարարուեստի ուսումնարանը` խումբի ղեկավար, պարուսոյց, բեմադրիչ որակաւորումով:  Պարած է ու կը պարէ զանազան պալէի ներկայացումներու ընթացքին, բեմադրած է «Երազ» պալէի ներկայացումը:

Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեաններ Իրանի «Կակաչ» պարախումբին հետ աշխատած են իբրեւ հիւր պարուսոյցներ:

Վերամուտին առիթով «Ազդակ» անոնց հետ ունեցաւ զրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ պարուսոյցներու ունեցած ծրագիրներուն:

Խօսելով մանուկներուն եւ պատանիներուն համար պարին ունեցած կարեւորութեան մասին` Ժաքլին Մակինեան ըսաւ, որ պարը նախ եւ առաջ անոնց առողջութեան համար շատ կարեւոր է, անոնց կեցուածքը աւելի գեղեցիկ կ՛ըլլայ, մարմինը` աւելի ճկուն եւ վայելուչ, մանաւանդ որ երաժշտութեան միջոցով մարդու ներքին աշխարհը եւս մեծապէս կը փոխուի: Ան հաստատեց, որ մանուկներու դաստիարակութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենան պարն ու երաժշտութիւնը: Ժ. Մակինեանի համաձայն, հայկական պարարուեստին հետեւելով` մանուկները ազգային արժէքներուն եւ պատմութեան իրազեկ կը դառնան:

«Գայեանէ» խումբին համար պարուսոյցներուն նախատեսած ծրագիրին անդրադառնալով` Կարէն Մակինեան դիտել տուաւ, որ սկզբնական շրջանին դասական պարեր պիտի ուսուցուին, որպէսզի երեխաները պարային սկզբունքներուն եւ հիմնական շարժումներուն ծանօթանան, ինչպէս առանց այբուբենի կարելի չէ բառեր գրել, ուրեմն առանց դասականի կարելի չէ պարային արուեստը զարգացնել: Անոր համաձայն, հայկականին կողքին մանուկներն ու երեխաները պիտի սորվին նաեւ օտար պարեր: Պարուսոյցը հաստատեց, որ հայկական աւանդականին վրայ հիմնուած նորարարութիւններ պիտի բերուին, որպէսզի մանուկները եւս խանդավառ պարեն, հաճոյքով պարի փորձերուն գան, հետաքրքրական ըլլայ իրենց համար պարը, այլապէս անոնք կրնան զզուիլ նոյնութիւններէն եւ դասականէն: Կ. Մակինեան նշեց, որ պարային ծրագիրին վրայ անպայման իրենց դրոշմը պիտի ունենան, պարային բեմադրութիւններ ալ պիտի պատրաստուին, փորձ պիտի կատարուի աշխատիլ այնպէս, որ մանուկները աւելի եւս սիրեն պարը: Պարուսոյցը ըսաւ, որ փոքր բեմադրութիւններ պիտի ներառուին յայտագիրին մէջ, որովհետեւ ատիկա եւս մանուկները կը գրաւէ, անոնք կը հասկնան նիւթը եւ առ այդ կը մասնակցին ընդհանուր յայտագիրին:

Կարէն Մակինեան դիտել տուաւ, որ աշխատանքին արդիւնքը շատ աւելի շօշափելի կ՛ըլլայ եւ լաւապէս կը դրսեւորուի, եթէ աւելի յաճախ ըլլան փորձերը: Ան նաեւ կարեւոր նկատեց, որ մանուկներուն եւ պատանիներուն համար ճշդուին արուեստի կարգ մը բնագաւառներ, ուր անոնք իրենք զիրենք աւելի հանգիստ ու ուրախ կը զգան, եւ այդ բնագաւառին մէջ մանուկը մղել յառաջդիմելու` մտահոգութիւն յայտնելով այն մասին, որ քանի մը բան նոյն ատեն ընելը կրնայ դժուար ըլլալ եւ ժխտական անդրադարձ ունենալ մանուկին վրայ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ մանուկը տաղանդաւոր ըլլայ կամ ոչ պէ՞տք է միանայ պարախումբին, կրնա՞յ ըլլալ, որ ժամանակի ընթացքին տաղանդը ծնի անոր մէջ` Կարէն Մակինեան յայտնեց, որ անպայման պէտք է մանուկը առաջնորդել պարախումբ, որպէսզի ան անձամբ փորձէ այս արուեստը: Ըստ անոր, կան մանուկներ, որոնք աստուածատուր ձիրք ունին, առանց աշխատանքի իրենք զիրենք լաւապէս կը դրսեւորեն բեմին վրայ, իսկ կան ուրիշներ, որոնք տաղանդաւոր չըլլալով հանդերձ, յաջողութեան կը հասնին իրենց ժրաջան աշխատանքին ու հետեւողականութեան պատճառով: Կարէն Մակինեան դիտել տուաւ, որ պարը երգ չէ, ուր եթէ մանուկը լաւ ձայն չունի, ուրեմն ատիկա փորձերու ընդմէջէն եւս կարելի չէ ձեռք ձգել, այլ աշխատանքով կարելի է մանուկները վարժեցնել, անոնց մարմինը ճկուն դարձնել:

Ժաքլին Մակինեան նշեց, որ եթէ մանուկը կը սիրէ պարել կամ նոյնիսկ հակում ունի պարելու, պէտք է անպայման զայն առաջնորդել պարի դպրոց, որովհետեւ կարելի չէ մանուկին մէջ մեռցնել պարի նկատմամբ սէրը` անտեղի ու անճիշդ դատումներով: Անոր համաձայն, պարուսոյցին պարտականութիւնն է աշխատիլ այնպէս, որ տաղանդաւորն ու նուազ տաղանդ ունեցողը հաւասարապէս իրենց տեղը ունենան պարախումբին մէջ, չտարբերին իրարմէ: Ուստի, ան կոչ ուղղեց ծնողներուն իրենց զաւակները պարի ուսուցման առաջնորդելու եւ միշտ անոնց քաջալերող ըլլալու:

Կարէն Մակինեան նշեց, որ դասատուն սովորաբար աշակերտին համար իտէալ կը դառնայ, զայն կը մղէ սիրելու դասը. առ այդ, ան շատ կարեւոր նկատեց ուսուցիչին դերը` նշելով, որ պիտի փորձեն փոխն ի փոխ երեխաներու հետ փորձեր ընել, որպէսզի անոնք զգան իգական եւ արական ներկայութիւնը իրենց կողքին:

Պարուսոյցները յոյսով են, որ պիտի կարենան իրենց վստահուած աշխատանքը լաւապէս կատարել:

Share this Article
CATEGORIES