Պոլսոյ Հայկական Հիւանդանոցին Պատկանող Տարածք Մը Պիտի Խլուի

1024_ZaytinburnuՊոլսոյ Զէյթինպուռնու շրջանի գործադիր իշխանութիւնը որոշած է հանրային զբօսայգիի մը վերածել հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցին պատկանող 8660 քառակուսի մեթր տարածքը. այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Եուրթ» թերթը:

Թերթը նաեւ կը նշէ, որ հայկական հիւանդանոցի հոգաբարձուները դէմ եկած են այս որոշումին եւ պիտի փորձեն զայն փոխել:

Ըստ թերթին, յիշեալ տարածքը արժէքաւոր տարածք մըն է:

Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցը կը համարուի Թուրքիոյ լաւագոյն բժշկական հաստատութիւններէն մէկը:

Share this Article
CATEGORIES