Չիքունկունիա Ժահրը Արագօրէն Կը Տարածուի Կեդրոնական Ամերիկայի Մէջ

1023_virus«Վեսթի» կը հաղորդէ, որ Կեդրոնական Ամերիկայի երկիրներուն մէջ կը տարածուի չիքունկունիա վարակը: Վտանգաւոր ժահրով վարակուելու դէպքերու զգալի աճ արձանագրուած է Սալվատորի, Հոնտուրասի, Նիքարակուայի եւ Քոսթա Ռիքայի մէջ:

Ամէնէն լարուած իրավիճակը Սալվատորի մէջ է. մայիսի վերջէն ի վեր այդտեղ արձանագրուած է 149 դէպք: Ըստ երկրի առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Էտուարտօ Էսփինոսայի, աւելի քան 71 հազար մարդ կը կարծուի վարակուած ըլլալ վտանգաւոր ժահրով:

Ժահրի տարածման պատճառը մժեղներն են: Սալվատորի իշխանութիւնները աշխուժ պայքար կը մղեն այդ միջատներուն դէմ:

Նիքարակուայի մէջ յուլիսէն ի վեր արձանագրուած է ժահրով վարակուելու 43 դէպք: Տարբեր շրջաններու մէջ կը դեղուին մժեղներու կուտակման հաւանական վայրերը, բնակչութեան խորհուրդ կը տրուի խստօրէն հետեւելու առողջապահական անվտանգութեան ապահովման միջոցներուն:

Քոսթա Ռիքայի մէջ այս տարի յայտնաբերուած է չիքունկունիա ժահրով վարակման 21 դէպք: Հիւանդներէն միայն մէկը վարակուած է նշեալ հանրապետութեան տարածքին մէջ, միւսները` Տոմինիքեան Հանրապետութիւն, Սալվատոր եւ Հայիթի ճամբորդութիւններու ընթացքին:

Չիքունկունիա ժահրով վարակուելու պարագային ախտանշաններն են` շատ բարձր ջերմութիւն, սիրտխառնուք, մարմինի վրայ հետքեր, մկանային եւ յօդերու ցաւ: Կարգ մը պարագաներու այդ ցաւերը կրնան տարիներով շարունակուիլ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES