Քիւրտերը Ետ Կը Մղեն Արաբ Բունարի Դէմ ՏԱՀԵՇ-ի Յարձակումը

1023_KobaneԱրաբ Բունարի արեւելեան մուտքին քիւրտ զինեալներու եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու միջեւ բուռն բախումներ ծագեցան: Քրտական աղբիւրներ «Մայատին»-ին յայտնեցին, որ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը ետ մղած են ՏԱՀԵՇ-ի` քաղաքին դէմ երկու առանցքով կատարած մէկ յարձակումը, որուն նպատակը քաղաքի կեդրոնը հասնիլն էր:

«Սքայ Նիուզ» իր կարգին հաղորդեց, որ հաւատադրժողականները յաջողած են վերագրաւել Շահիր բլուրը: Աւելի ուշ Փենթակոն յայտարարեց, որ դաշնակից ուժերու ռմբաձիգները Արաբ Բունարի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ յարձակումները աշխուժացուցած են: Անոնք հարուածած են նաեւ Շահիտ բլուրին վրայ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարի Հարֆ յայտնեց, որ Արաբ Բունարի մէջ քիւրտերուն զինուորական օժանդակութիւն հասցնելու գործողութիւնը պիտի կրկնուի, եթէ Ուաշինկթըն անոր անհրաժեշտութիւնը տեսնէ: Ան աւելցուց, որ իր երկրին օդանաւերը պիտի շարունակեն զէնք-զինամթերքի նոր սնտուկներ նետել, եթէ պէտք ըլլայ, հակառակ անոր որ անոնցմէ մէկը ինկած էր ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն մօտ:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Անգարայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ուաշինկթընի կողմէ այդ քայլը յստակ սխալ մը կոչած էր, որովհետեւ այդ զէնքերն ու զինամթերքը ինկած են ՔԱԿ-ի սուրիական թեւին` Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան եւ ՏԱՀԵՇ-ի ձեռքը:

Մինչ այդ, «Թայմ Թիւրք» կայքը կը հաղորդէ, որ միջազգային դաշնակից ուժերու կողմէ Արաբ Բունարի դէմ հերթական ռմբակոծումին ժամանակ սպաննուած է ՏԱՀԵՇ-ի Կովկասի հարցերով պատասխանատու, ազրպէյճանցի Ռովշան Պատալովը (Հալիտ Ազերի)` իր 25 հոգինոց խումբին հետ:

Ազրպէյճանի Թարթառ քաղաքի բնակիչ 50-ամեայ Պատալով Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Ապուլֆազ Էլչիպէյի քաղաքական շարժումին մէջ ալ դերակատարութիւն ունեցած է: 2000-2001-ին ռուս-չեչենական պատերազմին ժամանակ ան իր ջոկատով կռուած է Ռուսիոյ դէմ: Թրքական լրատուամիջոցին համաձայն, 2001-2002-ին ան իր խումբով Ազրպէյճան վերադարձած է եւ ուզած է կռուիլ Ղարաբաղի մէջ` հայերու դէմ, սակայն անոր այդ նախաձեռնութիւնը չէ յաջողած եւ ան իր խումբին հետ ձերբակալուած է Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ու տասը տարիով բանտարկուած: 2013-ին բանտէն դուրս գալով Պատալով մէկ ամիս Ազրպէյճանի մէջ մնացած է, ապա մեկնած է Սուրիա, ուր ստեղծած է կովկասցիներէ բաղկացած խումբ մը եւ հետագային ալ իր խումբով մաս կազմած ՏԱՀԵՇ-ի:

 

Share this Article
CATEGORIES