Պաապտայի Եւ Պէյրութի Արդարութեան Պալատներուն Դիմաց Զօրակցական Նստացոյցեր

Զօրակցական նստացոյցէն պահ մը
Պաապտայի Արդարութեան պալատին մէջ երեսփոխան Նիքոլա Ֆաթթուշի կողմէ վարկաբեկուած եւ հարուած ստացած պաշտօնեայ Մանալ Տաուին զօրակցելու նպատակով երէկ Պաապտայի եւ Պէյրութի արդարութեան պալատներուն դիմաց կատարուեցան նստացոյցեր, որոնց ընթացքին զոյգ արդարութեան պալատներուն պաշտօնէութիւնը դատապարտեցին երեսփոխան Ֆաթթուշի արարքը:
Մանալ Տաու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք զօրակցեցան իրեն` աւելցնելով, որ այս հարցը ծածկուելով մէկդի պիտի չդրուի: Ան ըսաւ, որ այդ մասին արդէն իսկ դատական հարց յարուցուած է խնդրոյ առարկայ երեսփոխանին դէմ, եւ դատական իշխանութիւններն են, որոնք պիտի տան իրենց վերջնական որոշումը:
Նշենք, որ Սայտայի եւ Պաթրունի մէջ պետական հաստատութիւններու պաշտօնեաներն ու Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի անդամները կատարեցին նման զօրակցական նստացոյցեր:
Ֆաթթուշ Կը Պատասխանէ
Միւս կողմէ, երեսփոխան Նիքոլա Ֆաթթուշ յայտնեց, որ Մանալ Տաուի հետ պատահածը աննշան եւ շինծու թիւրիմացութիւն մըն է, որուն նպատակն է կացութիւն փրկող քաղաքական իր կեցուածքները հարուածել, յատկապէս խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու առումով իր ներկայացուցած օրինագիծը, որ կը միտի պահպանել Լիբանանի գերագոյն շահերն ու երկիրը:
Ֆաթթուշ յայտնեց, որ Մանալ Տաու անքաղաքավար կերպով վարուած է իր հետ եւ մերժած արձանագրել իր բողոքը: Ան նշեց նաեւ, որ տեղական լրատուամիջոցները սկսած են աղաւաղել իրականութիւնը:

