Մուքպել. «Թեհրան Կատարած Այցելութիւնս Կառավարութեան Տուած Որոշումով Էր Եւ Անոր Նպատակն Էր Քննարկել Լիբանանին Տրամադրուելիք Զինուորական Օժանդակութիւնը»

Սամիր Մուքպել
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել յայտնեց, որ ինք կառավարութեան տուած որոշումին հիման վրայ ուղղուած է Թեհրան` քննարկելու համար լիբանանեան բանակին կատարուելիք զինուորական օժանդակութիւնները:
Մուքպել յայտնեց, որ Իրան կատարած իր այցելութիւնը բաւական դրական եղած է` աւելցնելով, որ Թեհրան պատրաստ է զինելու լիբանանեան բանակը:
Ան նշեց, որ ինք իբրեւ պաշտպանութեան նախարար պաշտօնական ոչ մէկ զգուշացում ստացած է` իրանեան օժանդակութիւնը մերժելու իմաստով:
Անդրադառնալով Լիբանանի կառավարութեան որոշումին` Մուքպել յայտնեց, որ եթէ այդ օժանդակութիւնը մէկ նախարարի կողմէ մերժուի, կը նշանակէ, որ կառավարութիւնը չի կրնար վաւերացնել այդ օժանդակութիւնը: Ան աւելցուց սակայն, որ իրանեան զինուորական օժանդակութիւնը մերժող կողմը պէտք է անպայման հիմնաւորէ մերժումի իր կեցուածքը:
Ակնարկելով Սէուտական Արաբիոյ զոյգ նուիրատուութիւններուն` Մուքպել յայտնեց, որ առաջինին` երեք միլիառ տոլարի զինուորական օժանդակութեան պարագային, պէտք է երեք համաձայնագիրներ ստորագրել. «Առաջինը` Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ, երկրորդը` երեք երկիրներուն միջեւ, իսկ երրորդը` Ֆրանսայի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ», ըսաւ Մուքպել եւ աւելցուց, որ երրորդ համաձայնագիրը տակաւին կարիքը ունի Սէուտական Արաբիոյ ստորագրութեան:
Անդրադառնալով երկրորդ օժանդակութեան` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջոցով լիբանանեան բանակին տրամադրուած մէկ միլիառ տոլարի սէուտական օժանդակութեան, Մուքպել յայտնեց, որ այդ նուիրատուութիւնը պիտի իրականանայ մօտիկ ապագային` Միացեալ Նահանգներէն եւ Ռուսիայէն Լիբանան գալիք զէնքերով ու զինամթերքով:
Մուքպել ընդգծեց նաեւ, որ իր յարաբերութիւնները շատ լաւ են բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ` նշելով, որ իրենց միջեւ մնայուն գործակցութիւն եւ աշխատանքի համադրում կայ:
Իսկ ակնարկելով զինուորականներու աշխատավարձի յաւելումներուն` Մուքպել շեշտեց, որ զինուորականները ամէնէն աւելի կը զոհուին եւ վտանգի կ՛ենթարկուին Լիբանանի համար, հետեւաբար պէտք է արդար ըլլան անոնց աշխատավարձի յաւելումները:
Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն
Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մուրտիա Աֆխամ յայտնեց, որ Իրան եւ Լիբանան շրջանին մէջ հեզասահ յարաբերութիւններ ունին` յոյս յայտնելով, որ այդ յարաբերութիւնները աւելի եւս ամրապնդուին:
Աֆխամ շեշտեց նաեւ, որ Մուքպելի Թեհրան կատարած պաշտօնական այցելութիւնը դրական էր` աւելցնելով, որ այդ այցելութեան ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան մանրամասնութիւնները` պաշտպանութեան նախարարութիւններուն շրջագիծին մէջ:
«Հիմնուելով Լիբանանի հետ իր ունեցած սերտ յարաբերութիւններուն վրայ` Իրան պատրաստակամութիւն յայտնած է Լիբանանին տրամադրելու զինուորական այս օժանդակութիւնը», ըսաւ ան:
Աֆխամ շեշտեց, որ Իրան Լիբանանի պաշտօնական պատասխանին կը սպասէ` զինուորական օժանդակութիւնները լիբանանեան բանակին առաքելու համար:

