Տըննիէի Մէջ Բանակը Կը Ձերբակալէ Ահաբեկչական Բջիջի Մը Անդամները Եւ Կը Գրաւէ Զէնքեր

Բանակին գրաւած զէնք-զինամթերքը
Լիբանանեան բանակը երէկ Տըննիէի մէջ ձերբակալեց Ահմետ Սելիմ Միքաթին, երբ բանակի գաղտնի սպասարկութեան մէկ խումբը ներխուժեց Ասուն գիւղաքաղաքը:
Այս գործողութեան ընթացքին սպաննուեցան երեք այլ ահաբեկիչներ, ինչպէս նաեւ վիրաւորուեցաւ բանակային մը:
Բանակը Ասունի մէջ գրաւեց զէնքեր, զինամթերք, զինուորական այլ սարքեր, ձեռնառումբեր, հրթիռներ, նռնականետեր, ականներ, ականուած գօտիներ, լիբանանեան բանակի տարազ եւ պայթուցիկ նիւթեր:
Բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը նշեց, որ ձերբակալեալ ահաբեկիչ Ահմետ Սելիմ Միքաթի, որ ծանօթ է Ապի Պաքր եւ Ապու Հուտա ծածկանուններով, 1968-ի ծնունդ է եւ ան վերջերս ՏԱՀԵՇ-ը ճանչցած է եւ կը նկատուի հիւսիսային Լիբանանի մէջ անոր ամէնէն կարեւոր «սիւն»-ը:
Ահմետ Սելիմ Միքաթի հիւսիսային Լիբանանի մէջ ստեղծած է ահաբեկչական բջիջներ, որոնք ուղղակի կապուած են ՏԱՀԵՇ-ին եւ կը պատրաստուէին գործադրելու ահաբեկչական հսկայ գործողութիւն մը:
Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Ահմետ Սելիմ Միքաթի վերջերս Քալամունի բարձունքներ գործուղած է լիբանանցի երիտասարդներ` կռուելու համար ՏԱՀԵՇ-ի կողքին: Այդ երիտասարդներուն մէջ կը գտնուի նաեւ Ահմետ Սելիմ Միքաթիի զաւակը` Օմար, որ ծանօթ է Ապու Հրէյրա ծածկանունով, ինչպէս նաեւ իր եղբօր զաւակը` Պիլալ Օմար Միքաթի, որ ծանօթ է Ապու Օմար Միքաթի ծածկանունով. վերջինս գլխատած է առեւանգուած բանակայիններէն Ալի Սէյիտը, ինչպէս նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի շարքերուն մէջ կռուելու նպատակով լիբանանցի երիտասարդներ «զինուորագրած» է:
Ապու Օմար Միքաթի ամբաստանուած է Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի զինեալ բախումներուն մեղսակցած ըլլալու յանցանքով: Ան 2004-ին բանտարկուած է դիւանագիտական կեդրոններու եւ Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու կեդրոններու դէմ գործողութիւններ կազմակերպելու յանցանքով, իսկ 2010-ին ազատ արձակուելէ ետք կազմած է զինեալ խմբաւորում մը:
Ապու Օմար Միքաթի մեղսակցած է նաեւ 2003-ին «Մաքտոնալտզ» ճաշարանին դէմ գործուած պայթումին եւ 1999-ին մաս կազմած է Տըննիէի մէջ լիբանանեան բանակին դէմ գործուած յարձակումներուն:
Բանակի Հրամանատարութիւն. «Պիտի Չարտօնենք,
Որ Ահաբեկչութիւնը Լիբանանի Մէջ Ապաստան Գտնէ»
Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ բանակը վեր կը մնայ իր միասնականութիւնը կասկածի տակ առնելու նենգ փորձերէն` հաստատելով, որ բանակը ահաբեկչութեան դիմադրելու իր քայլերը բաց կը պահէ:
«Արսալի մէջ եւ արեւելեան լեռնաշղթային պարագային իր որդեգրած քայլերուն շնորհիւ բանակը կրցած է զինեալ կազմակերպութիւններն ու ահաբեկիչները շրջափակուած պահել եւ մեծ համեմատութեամբ կտրել անոնց օժանդակութեան անցքերն ու ճամբաները», շեշտուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Բանակի հրամանատարութիւնը ընդգծեց, որ ինք պատրաստ է դէմ դնելու ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն, եթէ անոնք փորձեն լիբանանեան գիւղաքաղաքներ մուտք գործել: «Ներքին առումով բանակը մեծ աշխատանք տարած է եւ նուաճումներ իրագործած ահաբեկչական բջիջներ բացայայտելու եւ ձերբակալելու, ինչպէս նաեւ անոնց զինամթերքը գրաւելու իմաստով», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Բանակի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ ինք տակաւին Լիբանանի բարեկամ երկիրներէն զինուորական օժանդակութիւն կը ստանայ` աւելցնելով, որ յաջորդ հանգրուանին ան պիտի ստանայ թնդանօթներ, ուղղաթիռներ, հրթիռներ եւ այլն:
«Բանակի հրամանատարութիւնը ամէն գնով պիտի չարտօնէ, որ ահաբեկչութիւնը Լիբանանի մէջ ապաստան գտնէ: Լիբանանեան բոլոր համայնքներն ու յարանուանութիւնները ամբողջական զօրակցութիւն յայտնած են բանակին եւ ընդգծած, որ իրենք կը մերժեն ահաբեկչութիւն ընդգրկող միջավայր դառնալ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Բանակի հրամանատարութիւնը շեշտեց նաեւ, որ ինք կառչած կը մնայ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու կեցուածքին եւ այդ հարցը կը նկատէ առաջնահերթութիւն: Այս շրջագիծին մէջ բանակը կը մերժէ ենթարկուիլ շանթաժի կամ ահաբեկիչներուն ներկայացուցած որեւէ առաջարկին կամ պայմաններուն:
Բանակի հրամանատարութիւնը հաստատեց, որ բանակայինի մը հաւատարմութիւնը իր բանակին նկատմամբ` համազօր է իր երկրին եւ ժողովուրդին նկատմամբ անոր հաւատարմութեան, «հետեւաբար իր երդումը ուրացող կամ անոր դաւաճանող ոեւէ բանակային դասալիք է նախ իր անձին եւ ապա բանակին ու երկրին նկատմամբ, եւ բանակը նմաններուն կարիքը չունի: Մինչդեռ հազարաւոր լիբանանցի երիտասարդներ կը փափաքին կամաւոր կերպով զինուորագրուիլ բանակին, հակառակ երկրին դիմագրաւած վտանգներուն եւ դժուարութիւններուն», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

