Խորհրդարանի Նախագահը Ընդունեց Փաուլին

Փաուլի եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Մահմուտ Պըրրի:
Միւս կողմէ, երեկոյեան Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ մտահոգութիւն կայ, որ լիբանանեան բանակին կատարուած սէուտական օժանդակութիւնը ձգձգում արձանագրէ եւ կամ շոգիանայ, իսկ յապաղումի պարագային այդ օժանդակութիւնը կրնայ իր նպատակին չծառայել:
Խորհրդարանի նախագահը մտավախութիւն յայտնեց նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կացութեան առնչութեամբ:
Անդրադառնալով իրանեան զինուորական օժանդակութիւնը մերժելու քայլին` Պըրրի յայտնեց, որ միայն խենթերը կրնան մերժել այդ օժանդակութիւնը:
Խորհրդարանի օրէնսդրական նիստ մը կայացնելու առումով Պըրրի յայտնեց, որ ինք իր խորհրդակցութիւնները աւարտելէ ետք է, որ պիտի ճշդէ այդ նիստին թուականը: Ան նշեց, որ կարելի չէ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի կեցուածքը շրջանցել` երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին: «Անկարելի է, որ սիւննի-շիի սադրանքները Լիբանան փոխադրեմ եւ երեսփոխանական ընտրութիւններ կազմակերպեմ` Լիբանանը կազմող հիմնական շերտի մը բացակայութեան», ըսաւ ան:
Նախագահական ընտրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի յայտնեց, որ այդ մասին տակաւին ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է:
Նշենք, որ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան նիստին, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 29 հոկտեմբեր 2014-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:

