Կառավարութիւնը Որոշեց Դադրեցնել Սուրիացի Տեղահանուածներուն Լիբանան Մուտքը` Բացի Մարդասիրական Պարագաներէ

Կառավարութեան նիստէն պահ մը
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Աքրամ Շեհայէպ, Աշրաֆ Ռիֆի եւ Ալիս Շապթինի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 38 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուած է իպոլայի ժահրին եւ անոր հետեւանքներուն թղթածրարը, եւ այդ քննարկումներուն լոյսին տակ յոյս յայտնեց, որ տեղեկատուութեան նախարարութիւնը մասնակցի այդ հիւանդութեան դէմ մղուած արշաւին:
Ժրէյժ նշեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ անդրադարձած է Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին եւ ներկայացուցած այդ մասին նախարարական յանձնախումբին պատրաստած տեղեկագիրը, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է:
Ժրէյժ նշեց, որ կառավարութիւնը որոշեց դադրեցնել սուրիացի տեղահանուածներուն Լիբանան մուտքը` բացի մարդասիրական պարագաներէ. ան տեղահանուածներուն հետեւող մարմինէն խնդրեց վերջ տալ սուրիացի տեղահանուածներու պարագաներուն արձանագրութեան, բացի եթէ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը համաձայնութիւն յայտնէ այդ իմաստով:
Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է առ հաշիւ գումար մը յատկացնել` օժանդակելու համար Տըննիէի, Հերմելի եւ Աքքարի բնակչութեան, ինչպէս նաեւ համապատասխան պետական հաստատութիւններէն պահանջեց այդ շրջաններուն ենթակառոյցը ստուգել:
Ժրէյժ նշեց, որ կառավարութիւնը ապահովութեան ուժերէն պահանջած է հետեւիլ սահմանին վրայ տեղահանուածներուն գծով տրուած իր որոշումին գործադրութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարաններէն պահանջած է խիստ օրէնքներ որդեգրել լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն դէմ` ապահովելու համար լիբանանցիներուն պաշտպանութիւնը, օժանդակութիւնները բաժնել տեղացիին ու տեղահանուածին եւ ֆինանսաւորել լիբանանեան տնտեսութիւնը բարգաւաճեցնող միջազգային ծրագիրներ:
Ժրէյժ յայտնեց նաեւ, որ կառավարութիւնը որոշած է պաշտպանութեան նախարարութեան տրամադրել եօթը միլիառ եօթը հարիւր միլիոն լ. ոսկի, առողջապահութեան նախարարութեան պարագային 120 քննիչ նշանակել, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան նախարարէն պահանջեց ներկայացնել այդ մարզին մէջ յաւելեալ բժիշկներու կարիքը:
Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին ապահովական ծրագիրը քննարկուեցաւ եւ անոր գործադրութիւնը պիտի շարունակուի բոլոր շրջաններուն մէջ:
Խէյր Ընդունեց Առեւանգուած Բանակայիններուն
Ընտանիքներուն Մէկ Պատուիրակութիւնը
Առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները, որոնք Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ կը շարունակեն իրենց բաց նստացոյցը, երէկ վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցան Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյրի հետ:
Հանդիպումէն ետք առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները յայտնեցին, որ Խէյրէն լաւ լուրեր իմացած են եւ համոզուած, որ լուրջ եւ ուղղակի աշխատանք կը տարուի իրենց զաւակներուն ազատ արձակումին համար:
Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Խէյրի ջանքերուն համար եւ իրենց նկատմամբ անոր ցուցաբերած վարուելակերպին եւ գործակցութեան համար:

