Սահմանապահ Համայնքներուն Պէտք Է Տրուի Ամբողջական Արտօնութիւն

Արծուիկ Մինասեան

Արծուիկ Մինասեան

Հայաստանի խորհրդարանին մէջ արդէն երկու օրէ ի վեր հրատապ կարգով կը քննարկուի կառավարութեան ներկայացուցած ծրարը` սահմանամերձ համայնքներուն հարկային արտօնութիւններ շնորհելու վերաբերեալ:

Քննարկուող հարցին վերաբերեալ խօսք առնելով` Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ սահմանամերձ գիւղերուն պէտք է ոչ միայն հարկային արտօնութիւններ տալ, այլ նաեւ որոշ  ընկերային-տնտեսական աջակցութեան ծրագիրներ կիրարկել: «Օգոստոսին, երբ Ազգային ժողովի  խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները այցելած էին այդ բնակավայրերը, խնդիրները ձեւակերպած էին եւ գրութեամբ ուղարկած նաեւ կառավարութիւն: Այսօր անոնց վերաբերեալ տակաւին պատասխան չկայ», ըսաւ պատգամաւորը` յիշեցնելով, որ երբ պատգամաւորները այցելած են սահմանամերձ գիւղեր, այցելութեան ընթացքին առաջարկ  ներկայացուած է` սահմանապահ գիւղերու դպրոցները անվճար դասագիրքերով ապահովել, կենսական  ծախսերու կապուած արտօնութիւններ տրամադրել, երեխաներու ծննդեան միանուագ նպաստը բարձրացնել:

Ըստ Մինասեանի, կարգ մը առաջարկներ եղած են  նաեւ Բերքաբեր, Այգեպար եւ այլ գիւղերու  առնչութեամբ: «Երբ մենք կը փորձենք չտարանջատել եւ ընդհանուր սահմանամերձ գիւղական համայնքներուն հարկային արտօնութիւն տալու մասին կը խօսինք, եւ խօսքը միայն 30 համայնքի մասին է, միւս բնակավայրերու բնակիչներուն մօտ կրնայ  տարակարծութիւն յառաջանալ: Պէտք է սահմանապահ համայնքներուն տրուի ամբողջական արտօնութիւն: Միւս սահմանամերձ բնակավայրերուն բնակիչները պէտք է ըմբռնումով մօտենան, թէ ինչո՛ւ առաջնահերթութիւնը տրուած է յատկապէս այդ համայնքներուն», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:

Ան աւելցուց, որ Չինարի գիւղէն նամակ ստացած է, որ ներքին ցանցի վերանորոգման անհրաժեշտութիւն կայ, արդէն կայ նախագիծը, եւ խօսքը մօտ 17-18 միլիոն դրամի մասին է: «Գիտէք, որ Չինարին 3 կողմէ ազրպէյճանական զինեալ ուժերու թիրախին տակ է: Այս գիւղին մէջ  անպայման պէտք է նման ծրագիրներ իրականացուին», շեշտեց պատգամաւորը:

Արծուիկ Մինասեան նաեւ նշեց, որ սահմանապահ համայնքներուն մէջ կան հողատարածքներ, որոնց մասով կառավարութիւնը, ճիշդ է, հարկային արտօնութիւններ նախատեսած է, բայց նոյնն է, մարդիկ այդ հողատարածքները չեն կրնար օգտագործել: Տրուած ըլլալով, որ չեն կրնար օգտագործել, եկամուտ ալ չեն կրնար ստանալ:

Մինասեան առաջարկեց հողային այդ տարածքներուն համար մշակել նախագիծ, թէ որո՛ւն հողերը չեն օգտագործուիր: Ան առաջարկեց նաեւ օրէնքով յստակօրէն շարադրել, թէ սահմանապահ համայնքներուն ինչու պէտք է տրուի ամբողջական աջակցութիւն, իսկ  յաջորդ հանգրուանին սահմանամերձ բնակավայրերուն` նոր լուծումներ, որպէսզի այս բնակավայրերու բնակիչներուն մօտ  տարակարծութիւններ չըլլան: Այսինքն` յստակ բացատրուի, որ սահմանապահ գիւղերը երեք կողմէ ազրպէյճանական զինեալ ուժերու «վերահսկողութեան» տակ են:

 

Share this Article
CATEGORIES