Ուորլիք Կ՛արտայայտուի Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հայաստանի Անդամակցութեան Եւ Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Վրայ Ատոր Ազդեցութեան Մասին

Ճէյմս Ուորլիք

Ճէյմս Ուորլիք

ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք` խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վրայ Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան հաւանական ազդեցութեան մասին ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը կախեալ է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու քաղաքական կամքէն եւ ոչ թէ համաձայնագիրներէ կամ դաշինքներէ:

Ամերիկացի համանախագահը ըսած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու մասին արդէն որոշում տուած է, եւ ինք կը յարգէ այդ որոշումը:

«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը կախեալ է նախագահներու քաղաքական կամքէն եւ ոչ թէ համաձայնագիրներէ եւ դաշինքներէ: Յոյս ունինք, որ նախագահները, ուշադրութեան արժանացնելով վերջին հանդիպումները, տագնապը լուծելու պարտաւորութիւն պիտի ստանձնեն», ըսած է Ուորլիք:

Ըստ անոր, ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ ամրան ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն ետք իրավիճակը կայունացած է, սակայն լարուածութիւնը կը շարունակուի:

 

Share this Article
CATEGORIES