Հանրի Ռենօ Հրաժեշտի Այցելութիւն Տուաւ Նախագահ Սերժ Սարգսեանին

8787_bՆախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց  Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հանրի Ռենոն` Հայաստանի մէջ  դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտելուն առիթով:   Նախագահը Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ անձամբ իր անունով շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Ռենոյին` պաշտօնավարութեան չորս տարիներուն  ընթացքին անոր աշխատանքին եւ հայ-ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ  անձնական ներդրման համար, որ արտացոլուած է տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութեան ամրապնդումով եւ խորացումով: Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ Հանրի Ռենոյի մասնագիտական գործունէութիւնը արժանացած է ե՛ւ Հայաստանի պետական եւ հասարակական կառոյցներուն, ե՛ւ ժողովուրդին բարձր գնահատականին: Նախագահ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի յաջորդ դեսպանը նոյն նուիրումով եւ եռանդով կը շարունակէ այդ պաշտօնին մէջ բարձր առաքելութիւնը` ի նպաստ երկու բարեկամ երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն, իսկ Հանրի Ռենօ  պաշտօնավարութենէն  ետք ալ կը մնայ  Հայաստանի լաւագոյն բարեկամը:

Դեսպան Ռենօ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սերժ Սարգսեանին ջերմ խօսքերուն եւ իր աշխատանքին տրուած բարձր գնահատականին համար` ընդգծելով, որ անցեալ շուրջ 4 տարուան  ընթացքին հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման համար ըրած է կարելին, աշխատած է մեծագոյն հաճոյքով` ամէնուր եւ ամէն պահու արժանանալով Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին բարեացակամ եւ ջերմ վերաբերմունքին, որուն համար անսահման շնորհակալ է եւ կը հեռանայ այն համոզումով, որ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը յաջող եղած է:   Հանդիպման ընթացքին կողմերը նաեւ անդրադարձան  Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի նախաձեռնութեամբ մօտ օրէն Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ  Ազրպէյճանի նախագահներու եռակողմ հանդիպման, Լեռնային Ղարաբաղի  տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին:

Share this Article
CATEGORIES