Շթայնմայըր. «Գերմանիա Կը Սպասէ Սարգսեան-Ալիեւ Փարիզեան Հանդիպումին»

1023_SteinmeierԳերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայեր Պաքուի մէջ յայտարարած է, որ Գերմանիան անհամբերութեամբ կը սպասէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու` հոկտեմբերի վերջաւորութեան Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին:

Նախարարին համաձայն, ան Ազրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը:

«Գերմանիա չափազանց մտահոգ է շփման գիծին վրայ գոյութիւն ունեցող լարուածութեամբ, եւ ուշադիր կերպով կը հետեւի իրավիճակին` փափաքելով տագնապի արագ լուծում», ըսած է ան:

Share this Article
CATEGORIES