Փարիզի Մէջ Միջնորդները Կ՛ակնկալեն «Հիմնական Պահերու Լուրջ Քննարկումներ»

1023_Sargsian_MinskGroupԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի համանախագահները Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու յառաջիկայ օրերուն Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին ընթացքին կ՛ակնկալեն խաղաղ համաձայնագիրի հիմնական պահերու լուրջ քննարկումներ: Այդ մասին ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հարցումին իբրեւ պատասխան յայտնած է ԵԱՀԿ-ի մամլոյ ծառայութիւնը:

Ինչպէս նշուած է համանախագահներու հաղորդագրութեան մէջ, միջնորդները կը կարծեն, որ նախագահներու հանդիպումները Սոչիի եւ Կալեսի մէջ կողմերուն միջեւ «փոխադարձ գործողութեան ուղի» հարթած են:

«Մենք նաեւ յոյսով ենք, որ նախագահները կը պայմանաւորուին փոխադարձ վստահութեան եւ թափանցիկութեան հասնելուն ուղղուած միջոցներու վերաբերեալ: Համանախագահները պատրաստ են կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգնութիւն ցուցաբերելու այդ ուղղութեամբ»,  ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Համանախագահները կը շեշտեն, որ իրենց կարծիքով` «Մինսքի խմբակը միակ ձեւաչափն է, որուն կողմերը կը վստահին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը խաղաղ ճանապարհով»:

Միջնորդները կը կարծեն նաեւ, որ Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան չ՛ազդեր ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին վրայ: «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծումը կախեալ է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու քաղաքական կամքէն, այլ ոչ թէ համաձայնագիրի կամ դաշինքի մը միանալէն: Համանախագահները յոյսով են, որ վերջին հանդիպումներէն ետք կողմերը կրնան տրամադրուիլ խաղաղութեան»:

Համանախագահները հրաժարած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ազրպէյճանցի երկու հետախոյզներու դատավարութեան սկիզբը 27 հոկտեմբերին նշանակելու մասին տեղեկութիւնը մեկնաբանելէ:

 

Share this Article
CATEGORIES