Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Յանկարծ ապագան սեւ կը տեսնէք. ինչո՞ւ, ո՛չ մէկ պատճառ ունիք. լաւատես եղէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հակառակ ձեր կողակիցին հետ միշտ համաձայն ըլլալնուդ` այսօր ինչո՞ւ տարակարծութիւն ունիք. համաձայնեցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ուշադիր եղէք ձեր առողջութեան. պարտադիր հանգիստի պէտք ունիք առաջքը առնելու համար բարդութիւններու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մի՛ շտապէք սէրը հետապնդելու, սպասեցէք, որ զգացումները զարգանան ինքնաբերաբար:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մի՛ շփոթէք հեղինակութիւնը եւ բռնակալութիւնը: Բնական վիճակի մէջ մնացէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հաճելի երեկոյ մը կազմակերպեցէք բարեկամներու հետ. փոփոխութիւնը լաւ բան է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Այս օրերուն անհամաձայնութիւն կայ ընտանիքին մէջ, մանաւանդ` նիւթականի պատճառով:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ուրիշին օգնելու համար դուք ձեզ մի՛ յոգնեցնէք, դուք ալ հանգիստի պէտք ունիք, ուրեմն ձեր մասին մտածեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ժխտական մտածումներով առանձին մի՛ մնաք, ձեր դժուարութիւնները յայտնեցէք բարեկամներու, որոնք ձեզի օգտակար կրնան ըլլալ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)»
Պարզ նեղութիւնները ձեր մերձաւորներուն մի՛ պատմէք, որպէսզի ձեզմէ չհեռանան:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Յոռետես էք եւ սնանկութեան մասին կը մտածէք. տակաւին նիւթական աղբիւրներ ունիք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կը բաւէ ուրիշներու մասին մտածելը, ժամանակն է ձեր մասին մտածելու եւ հոգ տանելու. երբեմն եսասէր ըլլալը լաւ է:

