Թարգմանչաց Տօնը ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան 40-Ամեայ Վարժարանի Յարկին Տակ

Tarkmantchatz_garmirian-(1)Դպրոցական տարեշրջանը արդէն ընթացքի մէջ մտած իր եռուն կեանքը կ՛ապրի եւ, ընկալեալ սովորութեան համաձայն, սկիզբ առած են նաեւ ներդպրոցական աշակերտական ձեռնարկները:

Հոկտեմբերը չկիսուած, ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի աշակերտութիւնը գեղեցիկ ձեռնարկ մը նուիրեց Թարգմանչաց տօնին:

Դպրոցին սրահին մէջ վարժարանի հայոց լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան ուսուցիչ Անի Թորանեանը աշակերտութեան ներկայացուց Արշակունի Վռամշապուհ արքայի, Սահակ իմաստուն կաթողիկոսի եւ անոր տեղապահ, հանճարեղ Մեսրոպ Մաշտոցի ազգանուէր ու ազգանպաստ սխրանքի մանրամասնութիւնները, ապա նաեւ թարգմանչաց շարժման ռահվիրաները:

Tarkmantchatz_garmirian-(2)Սփիւռքեան պայմաններուն մէջ հայ մանուկն ու աշակերտը զինել մայրենիով, ազգային արժէքները ճանչնալու եւ գնահատելու կարողութեամբ` ահա ա՛յս է հայկական վարժարանի մեծագոյն առաքելութիւնը, որմէ նուազագոյն շեղումն անգամ անդառնալի կորուստ է:

Կարմիրեան վարժարանի անխտիր բոլոր դասարանները իրենց մասնակցութիւնը բերին օրուան ծրագիրին: Բեմն ու սրահը ողողուած էին մանկական ձայնի ու շեշտի ալիքներով եւ մթնոլորտը յագեցած էր հայկազեան լեզուի քաղցրահունչ բառերով:

Հնչեցին Ղամբարեանի, Խ. Դաշտենցի,  Հ. Սահեանի, Մ. Իշխանի, Նայիրի Զարեանի, Վահան Թէքէեանի եւ Եղիշէ Չարենցի բանաստեղծութիւնները: Կարելի չէր չյուզուիլ` ի տես մանկական անկեղծ ոգեւորութեան ու անմիջականութեան:

Երգը, նուագն ու պարը գումարուեցան խօսքին եւ Թարգմանչաց տօնին նուիրուած աշակերտական ձեռնարկը վերածուեցաւ իւրօրինակ տօնի: Տօն, որ ոգի է, ոգի, որ մեր յարատեւման գրաւականն է:

Ձեռնարկի աւարտին վարժարանի տնօրէն Մարալ Պալեոզեանը գովեց ու քաջալերեց իր սաները եւ դպրոցական օրը իր լրումին հասաւ բոլորին բարձր տրամադրութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )