Մեսրոպեանի Աշակերտները Նշեցին Թարգմանչաց Տօնը

1017_mesrobian-(1)Հոկտեմբեր 17-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի նախակրթարանի բաժանմունքի աշակերտները կոկիկ հանդիսութեամբ մը նշեցին Թարգմանչաց տօնը:

Գեղարուեստական մասով Մեսրոպեանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբը կատարեց չորս երգեր` ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քեշիշեանի, Ա. – Զ. դասարաններու աշակերտները մատուցեցին խմբային  մէկական ասմունք, իսկ Քրիսթոֆըր Չափարեան (Ե. դասարան) եւ Կասիա Լեւոնեան (Զ. դասարան) կատարեցին նուագ կիթառով եւ սրինգով` յաջորդաբար:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց աշակերտ Մարիլին Գասարճեան, որ անդրադառնալէ ետք Թարգմանչաց տօնի խորհուրդին, յիշեցուց Սիլվա Կապուտիկեանի յորդորանքը նոր սերունդին. «Ուր էլ լինես, այս լուսնի տակ ուր էլ գնաս, թէ մօրդ անգամ մտքից հանես, քո մայր լեզուն չմոռանաս»:

1017_mesrobian-(2)Օրուան պատգամը փոխանցեց Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ Ղազար վրդ. Պետրոսեան: Ան աշակերտներուն բացատրեց հայ թարգմանական առաջին խօսքին` «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ» իմաստն ու նշանակութիւնը եւ ապա եզրակացուց. «Սրբոց Թարգմանչաց պատգամն ու կտակը անգամ մը եւս կու գայ մեզի յիշեցնելու Հայ եկեղեցւոյ քրիստոնէական ճշմարտութեան դարաւոր վկայութիւնը, հայ ազգի պատմական գանձարանի հարուստ ու լուսաւոր ներկայութիւնը եւ հայ ազգի ստեղծագործ հմտութիւնը»:

Հանդիսութեան փակման խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ ըսաւ, որ թարգմանիչներու սերունդի ներկայացուցիչները  իրենց  պատմական առաքելութիւնը կատարեցին նաեւ շնորհիւ անոր, որ ուսանած էի ժամանակի լաւագոյն կրթական կեդրոններուն մէջ եւ կատարելապէս կը տիրապետէին օտար լեզուներու: Անոնք կարողացան այդ լեզուներով ստեղծուած գրական, իմաստասիրական եւ գիտական գործերը գեղեցկօրէն հայացնել, որովհետեւ իրենց հոգիով եւ մտածողութեամբ հայ էին: Տնօրէնը հայ ազգի յաղթանակը համարեց  այն, որ 5-րդ դարուն հիմնադրուած հայ դպրոցը առ այսօր կը գոյատեւէ` հաւատարիմ մնալով իր հիմնադիրներուն` Սուրբ Մեսրոպի եւ Սուրբ Սահակի աւանդին, ի հեճուկս բոլոր արհաւիրքներուն, որոնց գագաթնակէտը եղաւ 20-րդ դարու Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES