Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան Թարգմանչաց Տօնի Արժանաւոր Նշում
Ուրբաթ, 10 հոկտեմբեր 2014-ին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի աշակերտները իւրայատուկ հանդիսութեամբ նշեցին Ոսկեդարու անմահանուն կերտիչներուն` Մեսրոպ Մաշտոցի, Վռամշապուհ թագաւորի, Սահակ կաթողիկոսի եւ թարգմանիչ վարդապետներուն յիշատակը:
Յայտագիրը սկսաւ լիբանանեան եւ հայաստանեան քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վեցերորդ դասարանէն Նաթալի Մարգարեան: Ան ներկայացուց 1608 տարիներ առաջ հայ ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւնները, որոնցմէ կարեւորագոյնը` սեփական գիրերու բացակայութիւնը: Ն. Մարգարեան երախտագիտութիւն յայտնեց Մեսրոպ Մաշտոցին եւ թարգմանիչ վարդապետներուն, որոնց շնորհիւ որպէս հայ մեր ինքնութիւնը պահեցինք: Ան ներկայ աշակերտութեան անունով ուխտեց հաւատարիմ մնալ այբուբենին` միշտ հայերէն խօսելով, կարդալով ու գրելով:
Բացման խօսքին յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիրը, որուն ընթացքին նախակրթարանի առաջինէն վեցերորդ դասարաններու աշակերտները բանաստեղծութիւններով գովերգեցին թարգմանիչ սերունդը: Ապա վեցերորդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ» վերնագիրով համադրուած թատրոն մը, ուր ներկայացուեցան Մեսրոպ Մաշտոցի մտահոգութիւնն ու տագնապը, նաեւ` Սահակ կաթողիկոսին ու Վռամշապուհ արքային հետ հանդիպումները: Աշակերտները որպէս ժողովուրդ մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեցին Մեսրոպ Մաշտոցը նմանօրինակը դառնալով 406 թուականին` գիրերու գիւտէն ետք անոր Վաղարշապատ մայրաքաղաք մուտքի մթնոլորտին: Բեմայարդարումը եւ տարազներու բաժինը լաւագոյնս կը յարմարէին նիւթին:
Վերջին բաժինով վարժարանի երգչախումբը խմբերգեց «Ով մեծասքանչ դու լեզու»-ն:
Հուսկ բեմ բարձրացաւ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի տնօրէն Արեգնազ Աղասարգիսեան: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես պատրաստուած յայտագիրին եւ յատուկ կերպով գնահատեց յայտագիրին մաս կազմող աշակերտները: Ա. Աղասարգիսեան մատնանշեց հայկական ինքնութեան պահպանման կարեւորութիւնը, Մեսրոպ Մաշտոցի առանձնայատուկ դերը հայկական: Ան ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր աշակերտ զինուոր է մեր կեանքին մէջ, եւ այբուբենը մեր զէնքը: Վարժարանի տնօրէնը խրախուսեց աշակերտները, որ տէր կանգնին այբուբենին, հայկական ընտանիք կազմեն եւ միշտ հայերէն խօսին: Ան իր խօսքը եզրափակեց` կոչ ուղղելով, որ միշտ անմար պահեն Մեսրոպ Մաշտոցի ջահը:
Թարգմանչաց այս ձեռնարկը իր անջնջելի դրոշմը պիտի ձգէ աշակերտներու յիշողութեան մէջ:

