Իպոլան Եւ ՏԱՀԵՇ-ը

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Վերջին ամիսներուն Իպոլային եւ ՏԱՀԵՇ-ին մասին բաւական լայնածաւալ յօդուածներ լոյս տեսան:

Տեղական թէ միջազգային, գրաւոր թէ բանաւոր բոլոր միջոցներով ահազանգային եւ սարսափի մթնոլորտ մը ստեղծուած է:

Հակառակ անոր որ, մէկը միւսին հետ բնաւ կապ չունի: Մէկը վարակիչ մահացու հիւանդութիւն մըն է, միւսն ալ` սարսափազդու իսլամական ծայրայեղական շարժում:

Սակայն տարօրինակ ձեւով երկուքին միջեւ կը գտնենք հետեւեալ հասարակաց կամ հակասական  կէտերը:

Ա.- Իպոլան վարակիչ հիւանդութիւն մըն է, որ մարդ արարածին կը փոխանցուի անասունէն: ՏԱՀԵՇ-ն ալ մարդով սկսած շարժում մըն է, որուն բարբարոսութեամբ մարդը կը վերածուի անասունի:

Բ.- Իպոլան ծնունդ առած է աղքատ միջավայրէ (Ափրիկէ): ՏԱՀԵՇ-ը ծնունդ առած է եւ կը հովանաւորուի հարուստ շրջանակներէ (Սէուտական Արաբիա, Քաթար, Թուրքիա):

Գ.- Իպոլայէ եթէ վարակուիս առաջին տասնհինգ օրը չես զգար անոր գոյութիւնը: Այսինքն` տասնհինգ օր ժամանակ կ՛ուզէ, որ հիւանդութիւնը բացայայտուի: ՏԱՀԵՇ-ն ալ արաբական գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ տարածուած է քնացած խմբակներով եւ յարմար ժամանակին կը սկսի գործօն ըլլալ:

Դ.- Հակառակ գիտական մեծ նուաճումներուն, Իպոլայի դէմ արշաւը մինչեւ օրս ապարդիւն է: Նոյնպէս, հակառակ հզօր պետութիւններու օդային հարուածներուն, ՏԱՀԵՇ-ի կասեցումը տակաւին ցարդ ապարդիւն է:

Ե.- Իպոլային իբրեւ հետեւանք կ՛ունենաս սրտխառնուք եւ ջերմութիւն: ՏԱՀԵՇ-ի բռնարարքներն ալ սիրտ կը խառնեն եւ կիրք կ՛արթնցնեն:

Փաստօրէն միջազգային ընտանիքը վերջին ամիսներուն մեծ ճիգով եւ քարոզչութեամբ Իպոլայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի տարածման դէմ աշխատանքի լծած է:

Սակայն վստահ եմ, որ այս իրարանցումը աւելի աղմուկ է, քան խորք: Միջազգային ընտանիքին մօտ կամքը կը պակսի:

Կամքը` վերջնական եւ կտրուկ լուծումներու:

Կամքը` ահաբեկիչներու կասեցման:

Կամքը` գիտական նոր միջոցառումներու:

Եւ այնքան ատեն որ լուրջ կամքի պակասը կայ, թէ՛ Իպոլան, եւ թէ՛ ՏԱՀԵՇ-ը տարածուելու եւ ընդարձակուելու ընթացքի մէջ պիտի մնան:

Share this Article
CATEGORIES