Կրակոտ Սիրտ Մը Հանգեցաւ
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Յովան Թաշճեան
Կորսնցուցինք երիտասարդ գործիչ մը, եռանդով, կեանքով լեցուն դաշնակցական ընկեր մը` Յովան Թաշճեանը:
Ուժեղ անհատականութիւն էր, իր համոզումներուն տէր, անկաշկանդ խօսող, բանավիճող, պատրաստուած հռետոր, հարցեր արծարծելու, անոնց քննարկումը մինչեւ վերջ տանելու կարողութեամբ օժտուած հրապարակախօս ու հրապարակագիր:
Հայերէնին հոյակապ տիրապետած, մեր յեղափոխական ու գաղափարական գրականութիւնը լայնօրէն ընթերցած, իւրացուցած, քաղաքական, կազմակերպական գործի ահագին փորձով հարստացած Յովանը պայքարեցաւ անողոք հիւանդութեան դէմ, որ ի վերջոյ խլեց զայն մեր շարքերէն:
Յովանը ունէր իր լսարանը, իր հանդիսատեսը: Մարդիկ ամէն շաբաթ անհամբեր կը սպասէին հեռատեսիլի «Փարոս», ապա` «Զարթօնք» յայտագիրներուն, մարդիկ, որոնք անպայման համաձայն չէին իր կարծիքներուն, իր տեսակէտներուն ու կեցուածքներուն, սակայն խորք կը գտնէին խօսքերուն մէջ, ցաւ` մեր ժողովուրդին վիճակուած դաժան փորձառութիւններուն ի տես: Երիտասարդ ու տարեց մարդիկ, հեռաւոր շրջաններէ, չէին ծուլանար ու երկար ճանապարհ կտրելով` կը հասնէին այն սրահները, ուր ինք ելոյթ կ՛ունենար:
Հիւանդութեան պատճառով, երբ դադրեցուց իր ելոյթները, երբ պարտաւորուած հեռացաւ բեմերէն, մարդիկ կը փնտռէին զինք. «Ասպարէզ» կը ստանար բազմաթիւ հեռաձայններ` իր բացակայութեան պատճառները հարցնող, խնդրող ու պահանջող, որ վերսկսի խօսելու ժողովուրդին հետ:
Ափսո՜ս ու աւա՜ղ, որ իր արտադրելու, գործելու, որ իր ձեռք ձգած փորձառութիւնները կենսագործելու լաւագոյն շրջանին, մեզմէ հեռացաւ Յովանը:
Կորուստը մե՛ծ է նախ իր նորակազմ ընտանիքին, կնոջ ու փոքրիկ դստեր, հարազատներուն ու ընկերներուն: Կորուստը մե՛ծ է մեր համայնքին:

