ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբ. Հանդիպում-Զրոյց` «Թմրեցուցիչը Եւ Իր Վնասները» Նիւթով
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, ուրբաթ, 24 հոկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ֆանարի մատրան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց մը` «Թմրեցուցիչը եւ իր վնասները» նիւթով:
Օրուան զրուցավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան յայտնեց, որ թմրամոլներու թիւը օրէ օր կը բարձրանայ, եւ մենք ի տես այս երեւոյթին պէտք չէ ձեռնածալ մնանք, այլ աշխատինք թմրամոլները փրկելու այդ մոլութենէն: Ան յատկապէս իր խօսքը ուղղելով ծնողներուն ըսաւ, որ անոնք պէտք է արթուն ըլլան եւ նկատեն, որ իրենց զաւակները օգնութեան կարիքը ունին, եւ չանտեսեն զանոնք: Խօսելով հանդիպում-զրոյցին մասին` զրուցավարը օգտակար գտաւ նախաձեռնութիւնը յատկապէս երիտասարդներուն համար, որոնք ապագային մեր դատը պիտի պաշտպանեն եւ փոխանցեն մեր արժէքները իրենց զաւակներուն:
Օրուան զեկուցաբերներն էին տոքթ. Ռիթա Շահինեան եւ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան:
Տոքթ. Շահինեան նկարներու ցուցադրութեամբ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց թմրեցուցիչի տեսակներուն, գործածութեան ձեւերուն եւ մարմնին վրայ իւրաքանչիւրին ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ հետեւանքներուն մասին: Տոքթ. Շահինեան նաեւ ներկայացուց կարեւոր գիտելիքներ ծնողներուն համար, որպէսզի արագ գիտնան եւ լուծումի դիմեն:
Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան իր զեկուցումը բաժնեց 3 կէտերու` թմրանիւթեր գործածելու պատճառները, ինչպէ՛ս օգնել թմրամոլներուն եւ հոգեկան աշխարհի ազդեցութիւնը:
Հայր սուրբը նախ շեշտեց, որ պէտք է յաճախ խօսուի այս նիւթին մասին, այլապէս այս երեւոյթը կ՛արմատանայ մեր շրջապատին մէջ: Նշելով այս երեւոյթին պատճառները` ան անդրադարձաւ ընկերային շրջապատին, ծնողներու հետ յարաբերութեան եւ հոգեկան աշխարհը աղօթքով լեցնելուն:
Հայր սուրբը շեշտեց աղօթքին կարեւորութիւնը, որ օդի եւ ջուրի չափ անհրաժեշտ է մեր հոգիները լեցնելու համար, եւ Աստուծմէ հեռու մենք ոչ մէկ տեղ կրնանք ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն գտնել: Իսկ թէ ինչպէ՛ս կրնանք օգնել թմրամոլներուն, ան օրինակ բերաւ Յիսուսի կեանքէն, որ երբեք չնեղացաւ եւ չհեռացուց իրմէ հիւանդները: «Այդպէս ալ մենք պէտք է գուրգուրանք, հոգ տանինք անոնց եւ չհեռացնենք զանոնք մեզմէ, փոխարէնը` հեռացնենք մոլութիւնը իրենցմէ. այսպէս կը սորվեցնէ մեր եկեղեցին», շեշտեց ան:
Ներկաները նաեւ առիթ ունեցան իրենց հարցումներով մասնակցելու օրուան զրոյց-հանդիպումին` շեշտելով, որ նման նախաձեռնութիւններ պէտք է կրկնուին, որպէսզի մեր երիտասարդներն ու ժողովուրդը հեռու պահենք տարբեր տեսակի մոլութիւններէ:

