«ԿԻՊՐՈՍ ԿՈՉՈՒԱԾ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ
Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որ Հիւսիսային Կիպրոս կ՛այցելէ, յայտարարած է, որ Կիպրոս կոչուած պետութիւն գոյութիւն չունի:
«Ներկայ պահուն Կիպրոս կոչուած պետութիւն գոյութիւն չունի: Գոյութիւն ունի հարաւային Կիպրոսի յունական վարչակազմ եւ Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւն», ըսած է Էրտողան:
Էրտողան հիւսիսային Կիպրոսի մէջ դիմաւորուած է բողոքի ցոյցերով, որոնց պատճառով ցուցարարներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ բախում տեղի ունեցած է: Ոստիկանութիւնը ձերբակալութիւններ կատարած է:
Թրքական լրատուամիջոցներուն համաձայն, ցուցարարները բարձրացուցած են հակաէրտողանական կարգախօսներ:
CATEGORIES Միջազգային