«ԻՆՉՈ՞Ւ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՉԻ ՎԵՐՍԿՍԻՐ» ՀԱՐՑ ԿՈՒ ՏԱՅ «ՃԷՈՓՈԼԻԹԻՔԱ»
Լիթուանական «Ճէոփոլիթիքա» պարբերաթերթը` վերլուծելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի անլուծելիութեան, մասնաւորապէս, Քազանի մէջ երեք նախագահներու հանդիպումին ձախողութեան պատճառները, կը գրէ. «Որ Քազանէն պէտք չէր որեւէ յառաջընթաց ակնկալել, յստակ դարձաւ, երբ Ալիեւ վերադարձաւ Պաքու, ուր կազմակերպեց Ազրպէյճանի անկախութեան 20-ամեակին նուիրուած զինուորական տողանցք: Ցուցադրուեցան ժամանակակից զինուորական սարքեր, որոնց շարքին` Ռուսիայէն գնուած «Սէ-300» հակաօդային հրթիռներու համակարգեր, «Մաթատոր» եւ «Մըրոտըր» զրահապատ մեքենաներ, թրքական, իսրայէլեան եւ չեխական զինուորական արտադրութիւններ, պատերազմական օդանաւեր եւ նաւեր: Սակայն գլխաւորը Աիեւի ելոյթն էր, որուն մէջ ան ըսաւ` պատերազմը չէ վերջացած:
«Անցեալ տարուան 8 յունիսին Ազրպէյճանի Ազգային ժողովը հաստատեց երկրի զինուորական վարդապետութիւնը: Ատոր մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսուէր, որ Ազրպէյճան, «ազատագրելու համար իր բռնագրաւուած տարածքները եւ վերականգնելու համար տարածքային ամբողջականութիւնը», ինքնիրեն կը վերապահէ անհրաժեշտ բոլոր միջոցները, ներառեալ` զինուորական ուժ օգտագործելու իրաւունքը:
«Այսպիսով երկու երկիրները զիրար մեղադրելով յայտնուած են փակուղիի մէջ: Երեւան, որ տնտեսապէս եւ զինուորական առումով այնքան ուժեղ չէ, որքան Ազրպէյճանը, յոյսը դրած է Ռուսիոյ վրայ, որ պարտաւորուած է Հայաստանը պաշտպանել արտաքին յարձակումէն եւ Հայաստանի տարածքին մէջ սեփական ռազմակայան ունի: Սակայն յստակ չէ, թէ արդեօք Ռուսիա պիտի միջամտէ՞ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին, որովհետեւ անիկա Հայաստանի Հանրապետութեան կազմին մէջ չէ», կը գրէ պարբերաթերթը` նկատել տալով, որ ներկայ վիճակը բանակցութիւններուն մէջ գլխաւոր միջնորդ Ռուսիոյ ձեռնտու է:
«Միակ խոչընդոտը նոր պատերազմի ճամբուն վրայ կովկասեան խողովակաշարերն են: Վիճայարոյց տարածքներէն ոչ հեռու երկու կարեւոր քարիւղի խողովակաշարերն են` Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան եւ Պաքու-Սուփսա: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմական գործողութիւնները պիտի վտանգեն զանոնք: Բացի ատկէ, նոր պատերազմը Կովկասի մէջ Մոսկուայի շահերէն չի բխիր, չէ՞ որ շատերը պիտի միջամտեն», կը գրէ պարբերաթերթը` նկատել տալով, որ Ռուսիան եւ ԵԱՀԿ-ը հակուած են համաձայնելու դէպքերու «ինքնաբուխ զարգացման» հետ»: