Ռուստամեան. «Պէտք Է Անյպէս Ընել, Որ Ժողովուրդը Հիասթափ Չըլլայ»
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի աւանդական ասուլիսի ընթացքին, անդրադառնալով ոչ իշխանական 3 ուժերու հանրահաւաքին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ պէտք է ընել ամէն բան, որպէսզի չկրկնուին անցեալի սխալները, եւ հոլովոյթին մէջ արիւն չըլլայ: Երկրորդ կարեւոր խնդիրը` ըստ անոր, պէտք է այնպէս ընել, որ ժողովուրդը չհիասթափի: «Ես չէի ցանկար հանրահաւաքէն առաջ ընել յայտարարութիւններ, որոնք իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան հանրահաւաքին վրայ: Ես չեմ ցանկար, որ ձախողի հանրային բնոյթ կրող հաւաքը, որովհետեւ հազարաւոր մարդիկ լի յոյսերով կ՛երթան հանրահաւաքին: Չէի ուզեր, որ իրենք այս իմ ըսած հարցերուս հետ կապուած որեւէ ձախողութիւն արձանագրէին: Եթէ ըլլայ այս իմ ըսած երկուքէն որեւէ մէկը, բոլորս ալ խնդիր պիտի ունենանք», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան` աւելցնելով, որ հիասթափութիւն ըսելով, նկատի ունի նաեւ անցեալի դառն փորձը, երբ անընդհատ կ՛ըսէին` «այս ժամուն եկէք, կը տեսնէք` ինչ պիտի ըլլայ», բայց ոչինչ կ՛ըլլար: Պատգամաւորը շեշտեց. «Կը ցանկամ, որ եռեակը իսկապէս չձախողի իր ծրագիրներուն մէջ»: Ա. Ռուստամեանի կարծիքով` յաջողութեան կարելի է հասնիլ ոչ միայն «ընդդէմ»-ով, որ կրնայ նոյնիսկ յանգեցնել արիւնահեղութեան, այլ նաեւ «յանուն»-ով: «Եթէ ծրագիրը կցուած ըլլայ այդ երկուքով, կարելի է յաջողութեան հասնիլ: Ըստ ինծի, ամէն դաշտի մէջ ալ ողջմիտ մարդիկ կան, իշխանութեան մէջ ալ, կը մնայ միայն վստահելի ծրագիր եւ համոզիչ ընթացք ներկայացնել», ըսաւ ան: Անցեալ հանրահաւաքէն ետք հարցեր մնացած են, եւ պատգամաւորը յոյս ունի, որ այս հանրահաւաքը կը սրբագրէ այդ հարցերը, եթէ` ոչ, ապա անոնք կրնան խորանալ: «Լաւ սկիզբը կարեւոր դեր ունի հետագային համար: Թերեւս իրենք որոշած են, որ քանի մը հանրահաւաքն է սկիզբը: Բայց եթէ այդ հանրահաւաքը ակնկալութիւնները չբաւարարեց, ասիկա ամէնէն պատշաճ գնահատականն է», աւելցուց Արմէն Ռուստամեան: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ 10 հոկտեմբերի հանրահաւաքը, եւ արդեօ՞ք կայ հիասթափութիւն, ան ըսաւ. «Ես ըսած եմ, որ 10 հոկտեմբերի հանրահաւաքէն ետք պահպանուած է անորոշութիւնը, որ կար ժողովուրդին մօտ: Այս հանրահաւաքին գերագոյն խնդիրը պէտք է ըլլայ այդ անորոշութիւնը սրբագրել»:

