«Սահմանադրական Բարեփոխումներու Հայեցակարգը Յառաջիկային Քաղաքական Քննարկումներու Հանգրուան Պիտի Անցնի» Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան
Նախագահ Սերժ Սարգսեան արդարադատութեան հիմնահարցերուն նուիրուած երեւանեան 19-րդ միջազգային խորհրդաժողովին մասնակիցներուն յղած ուղերձին մէջ ըսած է. «Ուրախ եմ, որ սահմանադրական արդարադատութեան հիմնախնդիրներուն նուիրուած երեւանեան խորհրդաժողովները, բարի աւանդութիւն ըլլալէ բացի, միջազգային կարեւորութիւն նուաճած են: Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական զարգացումներուն շուրջ քսանամեայ նորագոյն պատմութիւնը կը վկայէ, որ իրաւական, ժողովրդավարական պետութեան հաստատման համար իրաւունքի գերակայութեան երաշխաւորումը այլընտրանք չունի: Իսկ վերջինս չի կրնար ըլլալ սոսկ բարի ցանկութիւն: Ատիկա կը պահանջէ սահմանադրական համարժէք լուծումներ, ներդաշնակ եւ գործուն իրաւական համակարգ, արդիւնաւէտ գործող կառուցակարգեր, իրաւական մտածողութեան եւ իրաւական մշակոյթի անհրաժեշտ միջավայր: Այս ամէնը մէկ անգամէն եւ մէկ օրուան մէջ տեղի չ՛ունենար: Յաջողութիւն կարելի է ակնկալել այն պարագային, երբ իրաւունքի գերակայութեան երաշխաւորումը պետական քաղաքականութեան օրակարգի կարեւորագոյն խնդիր դարձած է, երբ քաղաքական մտածողութիւնը շարժիչ ուժն է, երբ անձի արժանապատուութիւնը անոր ամէնօրեայ ընկերային դրսեւորումներու անբաժան եւ երաշխաւորուած ուղեկիցն է»: Նախագահ Սարգսեան նաեւ նշած է, որ «մեզի համար քննութեան առարկայ հիմնախնդիրը աւելի կարեւոր կը նկատուի` նկատի ունենալով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ձեռնամուխ եղած է կարեւոր սահմանադրական բարեփոխումներու: Միայն օրեր առաջ մասնագիտական յանձնախումբը ներկայացուցած է սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգը, որ քննարկուած եւ ընդունուած է նաեւ Եւրոպական խորհուրդի Վենետիկի յանձնաժողովի լիագումար նիստին մէջ եւ յառաջիկային քաղաքական քննարկումներու հանգրուան պիտի անցնի: Դժուար է վերջին 20-25 տարուան մէջ մեծ փորձութիւններ դիմակայող եւ արմատապէս վերափոխուող հասարակական համակարգին համար պնդել, թէ ժողովրդավարութիւնը հաստատուն եւ ցանկալի հիմքերու վրայ է, մարդկային իրաւունքները յուսալիօրէն երաշխաւորուած եւ պաշտպանուած են, առկայ է արդիւնաւէտ եւ իրաւական պետութեան չափորոշիչներուն ներդաշնակ արդարադատական համակարգ: Ատոր կարելի է հասնիլ` երաշխաւորելով համարժէք սահմանադրական զարգացումներ, ճիշդ դասեր քաղելով նաեւ միջազգային հանրութեան եւ յատկապէս նոր ժողովրդավարութեան երկիրներու փորձէն: Ես առիթ ունեցած եմ շեշտելու. «Մարդիկն ալ, քաղաքական ուժերն ալ, այս պահու շահերն ալ անցողիկ են, սահմանադրութիւնը սերունդներու համար է»: Սահմանադրութիւն, որ ունենայ արժէքաբանական կայուն եւ անսասան հիմք եւ հանրային այնպիսի միջավայր, որ այդ արժէքներն ապրող իրողութիւն դառնան երկրին եւ ժողովուրդին համար»:

