Դռնփակ Մրցումներուն. «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Թերեւս Արտօնէ Միայն Կիներուն Եւ Փոքրերուն Մուտքը

1024_empty-stadiumՄէջբերելով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի մամլոյ քարտուղար Փետրու Փինթուի խօսքերը` «Football.com.uk» կը յայտնէ, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն որոշեց նոր օրէնքներ սահմանել:

Փինթու ըսած է, որ որակազրկուած մարզադաշտերու պարագային, ուր մրցումները սովորաբար տեղի կ՛ունենան դռնփակ, առանց համակիրի, միայն կիներուն եւ փոքրերուն պիտի արտօնուի մրցումներուն ներկայ գտնուիլ:

Անոնք մուտքի տոմսեր պիտի չգնեն, սակայն անոնց ակումբը փափաքած պահուն ստիպուած պիտի ըլլայ վճարել տուգանքը:

Ան եզրափակած է ըսելով, որ ասիկա ցարդ գաղափար մըն է եւ անոր գծով վերջնական որոշում տալը կամ այդ հարցը քննարկելը «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Միշել Փլաթինիին կ՛իյնայ:

Share this Article
CATEGORIES