«ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆՈՒԱԾ Է ՁԱՆՁՐԱԼԻ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան հայրենի «Երկիր» օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իշխանութիւն – Հայ ազգային քոնկրես երկխօսութիւնը այլեւս յայտնուած է ձանձրալի նիւթերու շարքին:
Պատգամաւորը նշեց, որ վերլուծութիւնները եւ կարծիքները երազահանային ճշմարտութիւններու շրջագիծին մէջ են, թերեւս առարկայական պատճառներով: Ան նշեց, որ լուրջ գնահատական տալէ առաջ նախ պէտք է բացայայտել կամ յստակացնել օրակարգը, պատուիրակութիւններու լիազօրութիւնները եւ, ի վերջոյ, զանոնք իրականացնելու իրաւական կամ, որ աւելի կարեւոր է, սահմանադրական մեքանիզմները:
«Եւ քանի որ ո՛չ օրակարգին շուրջ փոխադարձ համաձայնութիւն գոյացած է, ո՛չ ալ երկկողմանի լիազօրութիւնները յստակ են, կամ գոնէ բացայայտուած չեն, ժամանակի վրայ խաղալու տպաւորութիւն ունիմ եւ թէ ով պիտի շահի անկէ` կարծեմ յստակ է», նկատել տուաւ Գալստեան: Ան աւելցուց, որ բանակցող ոչ մէկ կողմ կ՛արտայայտէ մեր հասարակական-քաղաքական լիարժէք պատկերը եւ հարցը կը շարունակէ մնալ, թէ ատիկա ի՛նչ առնչութիւն ունի մեր ազգային օրակարգին հետ: