ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՐՑՈՎ ՀԱՄԱԶԵԿՈՒՑՈՂԸ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի Հայաստանի հարցերով համազեկուցող Աքսել Ֆիշըրը:
Նախագահը բարձր գնահատեց Եւրոպական խորհուրդին եւ Խորհրդարանական վեհաժողովին հետ ձեւաւորուած համագործակցութիւնը` ընդգծելով, որ Եւրոպական խորհուրդին կողմէ իրականացուող աշխատանքը շատ կարեւոր է Հայաստանի ժողովրդավարացման ճամբուն: Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ այդ մասին վեհաժողովի նիստին ունեցած իր ելոյթին մէջ եւս նշած է` գոհունակութիւն յայտնելով համազեկուցողներուն արդիւնաւէտ ներգրաւուածութենէն:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցան Հայաստանի մէջ տարբեր մարզերու մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն եւ ներքաղաքական հոլովոյթներուն:
CATEGORIES Հայկական