Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Միջոցներ գտէք բարդուած յոգնութենէ ձերբազատելու համար. արձակուրդ մը ամէն բան կը բարելաւէ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ծրագրի մը գործադրութիւնը ձեզի պիտի առաջնորդէ յաջողութեան. ապագան լաւ է, շարունակեցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մեծ ծրագիր մը ունիք սկսելու, որ նիւթական մեծ գումարի կը կարօտի, դիմեցէք փորձառու բարեկամներու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Աշխատանքի մէջ համաձայնութեամբ կ՛աշխատիք ձեր գործակիցներուն հետ. յաջողութեան ճամբու մէջ էք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Լաւ սննդականոն մը եւ կեանքի լաւ առողջապահութիւն մը ձեզ պիտի առաջնորդէ հանգիստ կեանքի մը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Տարիքոտ անձերու դիտողութիւններէ մի՛ նեղուիք: Վերջապէս ձեզմէ աւելի փորձառու են:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր յաջողութիւնները կը պարտիք ձեր քաղաքակիրթ նկարագրին. շարունակեցէք նոյն ձեւով:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պիտի ստանաք նամակ մը, ուր պիտի կարդաք գովասանքներ ձեր մասին: Յաջողութիւնը ձեզի հետ է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դուրս ելէք ձեր լճացած վիճակէն, որպէսզի բնական կեանք մը ունենաք. բարեկամները մի՛ անտեսէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մտիկ մի՛ ընէք դատարկ խօսքերու, տրամաբանութեամբ ձեր լուսաւոր ճամբան կը գտնէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Դուրս հանեցէք մոռցուած ծրար մը, որ կը կարօտի վերաքննութեան. գործը կէս չեն ձգեր:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ գործի մէջ դժուարութիւն ունիք եւ կ՛ուզէք առաջարկ մը ընել, ուսումնասիրեցէք եւ վերջը արտայայտեցէք:

