50 Տարի Առաջ (27 Հոկտեմբեր 1964)

Տոմսեր

Խրուշչով` Մերկացուած

Կէս պուրժուա եւ կէս պրոլետար «հայաստանասէր» Արչին դարձեալ իբրեւ «գանգատաւոր» կը խօսէր իր բարեկամ Չարլիին.

– Չա՛րլի, այս ի՞նչ խօսքեր կ՛ըսեն ձեր Խրուշչովին համար, բնաւ խելքէս-մտքէս չէր անցներ:

– Ի՞նչ կ՛ըսեն որ.

– Կ՛ըսեն, թէ անձնասէր էր, ամբարտաւան էր, ընկերներուն կարեւորութիւն չէր տար…

– Ի՜նչ կ՛ըսես…

– Բոլոր որոշումները ինք կու տայ եղեր, Ստալինին պէս: Իբրեւ քարտուղար ալ` ստացած նամակները ուզածին պէս կը կարդայ եղեր, ժողովի ատենագրութիւններն ալ ի՛ր ուզած ձեւով կը գրէ եղեր…

Մէկը ուրախութիւն յայտներ է, իսկ ան` «ցաւակցութիւն յայտնեց» արձանագրեր է…

– Հապա կ՛ըսէին, թէ շատ օրինապահ է, բծախնդիր է…

– Այդ բծախնդրութիւնը ուրիշներո՛ւ համար է եղեր,  իսկ իր գրած ատենագրութիւնները գլուխ-գործոց խըվըռ-զըվըռ բաներ են…

– Լա՛ւ, ընկերները չե՞ն տեսներ:

– Կը տեսնեն եղեր, եւ ըսեր են, որ եթէ այսպէս շարունակէ, այս անգամ պատուհանէն դուրս պիտի նետեն եղեր զինք: Եւ ըրեր են, յօրինակ այլոց…

– Ինչո՞ւ այսպէս է, Արչի՛…

– Ի՞նչ գիտնամ, եղբա՛յր: Մարդոց մէջ պարկեշտութիւնը հազուագիւտ է: Շիտակը, ես պիտի նախընտրէի, որ փոխանակ շա՜տ խելացի խառնակիչ ղեկավար մը ունենալու, ունենայինք համեստ կարողութիւններով օժտուած, սակայն պարկեշտ մարդ մը, որ գոնէ ուրիշներու ալ կատարած աշխատանքը չ՛անտեսեր, կամ…

– Արչի՛, ես շատ կարեւոր ժողովի մը պիտի երթամ եւ միս պիտի գնեմ մեր յառաջիկայ ձեռնարկին համար, կը ներես…

– Ամէնէ՜ն լաւ գործ է: Միս, իւղ գնե՜լ ճոխ պիւֆեթի համար… Գարեջուր կամ հայաստանասիրական քոնեաք առնել չմոռնա՜ս…

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

Հայկական Կեանք

ՀՅ Դաշնակցութեան Օրը Եգիպտոսի Մէջ

Հրաչ Տասնապետեանի Բանախօսութիւնը

Ամսոյս 18-ին, կիրակի, Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբին մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ օրուան տօնակատարութիւնը` կազմակերպութեան 74-րդ տարեդարձին առիթով, ներկայութեամբ խուռն բազմութեան: Բեմին երկու կողմերը զարդարուած էին եգիպտական եւ հայկական եռագոյն դրօշներով:

Հանդէսին բացումը կատարած է օրուան նախագահ Բէգլար Նաւասարդեան: Գործադրուած է գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են` Վահէ Աճեմեան, Հայկազ Գալուստեան եւ Հայկանուշ Չիթճեան:

Ապա բեմ հրաւիրուած է օրուան բանախօս Հրաչ Տասնապետեան, որ այդ առթիւ մասնաւոր կերպով հրաւիրուած էր Եգիպտոս: Բանախօսը շուրջ ժամ մը տեւած իր խնամուած բանախօսութեամբ պերճախօսօրէն տուած է ՀՅ Դաշնակցութիւնը նախորդող շրջաններու հայ կեանքը, հայ կեանքի վերջին դարու զարթօնքը ու անոր յաջորդող յեղափոխական շարժման դրդապատճառները, ապա ծանրացած է  Դաշնակցութեան 74 տարուան կեանքի զանազան փուլերուն եւ գործունէութեան, ազգային,  քաղաքական եւ մարտական` խլելով բուռն ծափահարութիւններ:

 

***

 

Երկուշաբթի երեկոյ «Յուսաբեր»-ի տան մէջ Համազգայինի կողմէ կազմակերպուած բացառիկ հաւաքոյթին դասախօսած է Հրաչ Տասնապետեան «Հայկական ճարտարապետութիւնը» նիւթին շուրջ: Ամբողջութեամբ լեցուած սրահը յափշտակութեամբ հետեւած է բանախօսին մօտ մէկ ժամ տեւած հմտալի դասախօսութեան:

 

3020 Տոլար Նուէր
Ազգ. Հաստատութեանց

Ամերիկայի հայոց առաջնորդարանէն կը հաղորդեն.-

Քանի մը օր առաջ առաջնորդարանս հանդիպեցաւ պատուական հայ ծերուկ մը ու յանձնեց երեք հազար եւ քսան տոլար փոխարժէքով չէք մը` հետեւեալ բաշխումներով.

Ս. Փրկիչ Ազգ. հիւանդանոցին, Պոլիս, Թուրքիա, 1000, Ազունիէի բուժարանին, Լիբանան, 500, Նշան Փալանճեան Ճեմարանին, Լիբանան, 500, հայ աչազուրկներուն, Լիբանան, 500, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին, Լիբանան, 400, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ամերիկայի առաջնորդարանին 100, «Հայրենիք» օրաթերթին Պոսթըն, Մէս 20:

2900 տոլարի գումարը արդէն իսկ առաքած ենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` խնդրելով անհրաժեշտ փոխանցումները:

Նուիրատուն` Թադէոս Թոփալեան, 95 տարեկան ծերունի մըն է, Սեբաստիոյ Ղալտի գիւղէն: Միացեալ Նահանգներ եկած է 1911-ին ու եղած է համեստ գործաւոր մը: Իր սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կատարած է ի յիշատակ իր կնոջ` Նուարդ Թոփալեանին:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES