Թափը Կտրող
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ժողովուրդը ոտքի հանելու նպատակ ունեցող կուսակցութեանց եւ անոնց ղեկավարներուն տրամաբանութիւնը հասկնալը բաւական բարդ առաջադրանք եղած է ու կը մնայ ըլլալ:
Ահա «Ազատութիւն» հրապարակը դարձեալ ողողուած է մեծ թիւով քաղաքացիներով, որոնք անգամ մը եւս որոշած են առիթ տալ ընդդիմադիր ուժերուն, որ իշխանափոխութեան դրօշակը յաղթական աւարտի հասցնեն: Տասնեակ անգամներ հիասթափութեան մատնուած ժողովուրդը զարմանալի ուժով տակաւին իրեն մէջ լաւատեսութեան սերմեր կը գտնէ եւ ոտքի ելլելու իր պատրաստակամութիւնը կը վերահաստատէ:
Այսպիսի ժողովուրդով, ձախողութեան ամբողջական պատասխանատուութիւնը կը վերագրուի ընդդիմութեան ղեկավարներուն, որոնցմէ ընդամէնը կը պահանջուի գտնել միասնականութիւնը պահելու բանաձեւը, որուն համար կախարդական կամ գերմարդկային շնորհքներով օժտուած ըլլալը բնա՛ւ նախապայման չէ:
Ահա՛ «Ազատութեան» հրապարակը, վճռական բազմութիւնը. ահա՛ ղեկավարներու հարթակը, ուրկէ պէտք է հնչէ միասնական մարտավարութեամբ իշխանափոխութեան օրակարգի լուծումը:
Բայց եւ ահա՛ հարթակը, որ կարծես քաղաքական վերլուծումներու բեմ է, ուրկէ հակասական վերլուծումներ կը հրապարակուին երկրի արտաքին յարաբերութիւններու, ստորագրուած համաձայնագիրներու վերաբերեալ:
Որքա՛ն ալ փորձենք երկրորդական դասել ներքին հակասութիւններ մատնող արտայայտութիւնները, ի վերջոյ վճռական երթի պատրաստուած բազմութիւնը բնազդով կը գիտակցի, թէ այս միասնութիւնն ալ կրնայ որեւէ պահու քայքայուիլ:
Արդարեւ, ուրբաթ օրուան ժողովրդային հաւաքին ընթացքին հնչած ելոյթներէն կարելի է քաղել հետեւեալ եզրակացութիւնը, որ` սկսելով Հայաստանի Եւրասիական տնտեսական միութեան մաս կազմելէն, մինչեւ բուն իշխանափոխութեան օրակարգը եւ ասոնց կողքին ներքին նուիրապետութիւնը յստակացնելու իբր թէ թաքնուած բարդութիւնը, ցաւալիօրէն ժողովրդային շարժումի թափը կտրելու բոլոր նախադրեալները կը բացայայտէ:

