Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տղոց Դ. Դասակարգ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս` Յաղթական
Հիւսիսային Լեռնալիբանանի տղոց պասքեթպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը, երբ Սանթրալի դաշտին վրայ (Ժունիէ) 71-47 արդիւնքով յաղթեց Սըհուտին:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի տղաքը իրենց յաջորդ մրցումը կը կատարեն կիրակի, 2 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, նոյն դաշտին վրայ, մրցելով Պրումմանայի դէմ:
Իսկ կիրակի, 9 նոյեմբերին, նոյն դաշտին վրայ սակայն առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը կատարէ Ա. հանգրուանի իր վերջին մրցումը` Շեպիպեթ Տուարի դէմ:
CATEGORIES Մարզական

