Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր փառասիրութիւնը մշակեցէք, որ ձեզի համար մղիչ ուժ մըն է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պիտի ապրիք զօրաւոր հոգեկան զգացումներով, ինչպէս որ ապրեցան ձեր նախնիներ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հորիզոնին վրայ կուտակուած ամպերը պիտի փարատին, որմէ ետք կեանքը աւելի յստակ եւ պայծառ պիտի տեսնէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Անձնասէր էք, թոյլ տուէք, որ ձեր շուրջը գտնուող իւրաքանչիւր անձ արտայայտէ իր կարծիքը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մեծ տրամադրութեան մէջ էք` ֆիզիքապէս եւ բարոյապէս շարունակեցէք նոյն դրութեամբ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր շուրջինները հրապուրելու ձեւը պիտի խթանէ օրուան աշխուժութիւնը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պէտք է ստանձնէք ընտանեկան ձեր պարտականութիւնը, եթէ նոյնիսկ ձեզի դժուար թուի անիկա:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր խօսքերը լաւ ընտրեցէք, որպէսզի կարենաք ձեր հեղինակութիւնը բանեցնել:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր ժրաջան աշխատանքները ասպարէզի մէջ նոր դռներ պիտի բանան:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր երկինքը շատ պայծառ է, որ պիտի խրախուսէ ձեզ` նորութիւններ ստեղծելու:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պիտի հասկնաք ի վերջոյ, որ երբեք ուշ չէ նորութիւններ ստեղծելու եւ բարի գործեր ընելու համար:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Բարեկամ մը մեծ օգնութիւն մը պիտի ընէ ձեզի: Կ՛արժէ նուէր մը ընել անոր` շնորհակալութիւն յայտնելու համար:

